Այսու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդենք, որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Խառն Ժողովի որոշումով, Արժ. Տ. Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան նշանակուած է Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Ան իր առաքելութեան կը սկսի 1 Օգոստոս 2018-ին, փոխարինելով Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանը, որ ծխական շրջանի հովիւն էր 2013-էն ի վեր։
Կիրակի, 5 Օգոստոսին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ծխական համայնքի զաւակներուն պիտի ներկայացնէ նոր հոգեւոր հովիւը, որ պիտի մատուցէ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը եւ պիտի փոխանցէ իր քարոզը։
Տ. Վահան քահանայ ձեռնադրուած է 1993-ին։ Ան իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայած է Փասատինայի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ (այժմ Ս. Սարգիս եկեղեցի) եւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքներուն։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Տ. Վահան Աւ. Քահանային՝ իր նոր առաքելութեան մէջ։