ԱԶԳ. ԱՐԻ ԿԻՐԱԿՈՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԿԱՐԳԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ազգային վարժարաններու աշակերտներուն համար, Ազգային Առաջնորդարանը դարձած է ուխտավայր։ Տնօրէններու ու դաստիարակներու գլխաւորութեամբ, տարուան ընթացքին գոնէ անգամ մը աւարտական կամ այլ դասարաններու աշակերտներ խմբովին Ազգ. Առաջնորդարան կþայցելեն, որպէսզի ծանօթանան ազգային այս հաստատութեան կառոյցին ու գաղափար մը ունենան անոր բազմաճիւղ առաքելութեան մասին։

Այս ծիրին մէջ, Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտները Չորեքշաբթի, 16 Մայիսի առաւօտուն Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին եւ արժանացած Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ընդունելութեան։ Աշակերտներուն կþընկերանային տնօրէնուհին՝ Տիկին Գոհար Զահր, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմի ու ծնողական մարմինի ներկայացուցիչները։

Աշակերտները աւելի քան մէկ ժամ անցուցին Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ. անոնք Առաջնորդ Սրբազանին հետ աղօթքի պահ մը ունեցան Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռին մէջ, ներկայացուցին փունջ մը արտասանութիւն ու երգ, ապա նաեւ՝ Առաջնորդարանի ժողովասրահին մէջ »ժողովական« հանդիպում մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին հետ, որ տուաւ որոշ լուսաբանութիւններ ու կատարեց թելադրանքներ, յատկապէս նշելով, որ յառաջիկայ տարի, երբ շրջանաւարտները դիմեն այլ ուսումնարան, չմոռնան իրենց դպրոցն ու անոր հայաշունչ մթնոլորտը, զայն պահեն իրենց կեանքին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ յուշանուէրներ ու Աղօթագիրք մը նուիրեց աշակերտներուն ու ընկերակիցներուն։

Աշակերտները ծանօթացան Ազգ. Առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքներուն, եւ լուսանկարներու հետ միասին՝ աղուոր յիշատակներով հրաժեշտ տուին Ազգի Տան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022