Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Հայ-Ամերիկեան Բժշկական Ընկերակցութիւնը, Loews Hollywood պանդոկին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տօնեց իր հիմնադրութեան 33-րդ տարեդարձը։ Ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի վիրաւոր զինուորներուն։ Հանդիսութիւնը առիթ մը եղաւ պատուելու Փրոֆ. Արա Բաբլոյեանը, Տոքթ. Սիմոն Քէօշկէրեանը, Տոքթ. Րաֆֆի Մինասեանն ու նախկին Տիկնանց Միութիւնը՝ իրենց բազմամեայ ծառայութեանց համար։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքն ու պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։
Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեցին հանդիսավարները՝ Տոքթ. Վիգէն Սեփիլեան եւ Օր. Հելէն Քալոկնոմոս։ Ներկաները ունկնդրեցին ամերիկեան ու հայկական քայլերգները։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Բժշկական ընկերակցութեան անդամներուն եւ ընդհանրապէս առողջապահական ծառայութիւն մատուցող նուիրեալներուն մասին, «որոնք կեանքի նպատակ դարձուցած են իրենց նմաններուն ծառայութիւնը եւ անոնց բարելաւումը. անոնք իրենց ժամանակն ու կարողութիւնները ի սպաս կը դնեն իրենց նմաններուն կեանքի բարւոքումին համար, օր աւուր յանձն կ’առնեն մարդոց առողջութիւնը հոգալու քաղցր լուծը»։ Ան նաեւ շնորհաւորեց երեկոյի պարգեւատրեալները ու բարձր գնահատեց անոնց բազմամեայ ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ գնահատեց հովանաւորներն ու հիւրերը, որոնք բարոյապէս ու նիւթապէս մասնակից են այս ընկերակցութեան ծրագիրներուն իրականացման, ու իր խօսքը եզրափակեց յաջողութիւն մաղթելով ընկերակցութեան ու գործակիցներուն։
Խօսք առին ընկերակցութեան փոխ նախագահը՝ Տոքթ. Վիգէն Գալստեան եւ նախագահը՝ Տոքթ. Արմոնտ Քոթիկեան. տեղի ունեցաւ պարգեւատրումը, որուն հետեւեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։