Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Վարչութիւնը Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան, գլխաւորութեամբ նախագահ Տոքթ.
buy levitra online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/levitra.html no prescription

Ֆրիտա Ճորտընի: ՀՈՀի ներկայացուցիչներուն համար աւանդութիւն դարձած է իւրաքանչիւր տարեսկիզբի օրերուն այցելել Առաջնորդ Սրբազանին, ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորանք ու բարի մաղթանք փոխանցելու անոր, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահելու իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին, հայցելով անոր օրհնութիւնը: Հանդիպումին Առաջնորդ Սրբազանին կողքին ներկայ էր Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։

Ողջոյնի արտայայտութիւններէ ետք, ՀՈՀ-ի ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին իրենց անմիջական ծրագիրներուն մասին։ Անոնք Առաջնորդ Սրբազանին հովանաւորութիւնը խնդրեցին Արեւմտեան Թեմի զանազան գաղութներու մէջ իրենց ժողովրդանուէր առաքելութեան մասին տեղեկատուութեան աշխատանք տանելու համար, ի խնդիր ոսկրածուծ նուիրաբերողներ արձանագրելու։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՈՀ-ի կամաւոր ծառայողներու նուիրումին մասին, օրհնեց անոնց ճիգերը եւ ինչպէս անցեալին, անգամ մը եւս պատրաստակամութիւն յայտնեց Ազգ. Առաջնորդարանի միջոցները ի սպաս դնելու Հիմնարկի ծառայութեանց ծանօթացման աշխատանքին:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022