Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը


Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2016ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան վարչութեան անդամներու այցելութիւնը: Ներկայացուցիչները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան առիթով, նաեւ ներկայացնելու միութեան ծրագիրներն ու առաջադրանքները:

Ներկայացուցիչնեը այս առիթով նաեւ Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեցին միութեան հիմնադրութեան 25րդ տարեդարձի հանդիսութեան, որ նախատեսուած է 6 Օգոստոսին:

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքին ու բարեմաղթութեանց համար եւ գնահատեց նախկին իրաքահայերը համախմբող այս միութեան աշխատանքները, որոնք ծառայութիւն են մեր մշակոյթին ու կը միտին անոր հաղորդ պահել նոր սերունդը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022