Առաջնորդ Սրբազան Ընդունեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարժութեան Այցելութիւնը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2017-ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի՝ Տիկ. Ռեբեկա Պէրպէրեանի։

Նկատի ունենալով, որ այժմու կազմը ի մօտոյ պիտի աւարտէ իր պաշտօնավարութիւնը, ներկայացուցիչները ընդհանուր գիծերու մէջ Առաջնորդ Սրբազանին զեկուցեցին իրենց տարած աշխատանքին մասին, կեդրոնանալով ընկերային ծառայութեան մարզին վրայ, որ կþընդգրկէ գաղթականներու, ներգաղթողներու, բնակարանէ զրկեալներու եւ այլ խմբաւորումներ։

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ականներուն նուիրումը, վերահաստատեց անոր առաքելութեան զօրակցութիւնը, եւ յաջողութիւն մաղթեց կազմակերպութեան մարդասիրական առաքելութեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022