Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդին Այցելութիւնը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 2 Օգոստոս 2016ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի, որ անձնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի:

Հանդիպումը առիթ եղաւ երկու Թեմերու եկեղեցական աշխատանքներու փոխադարձ ծանօթացման: Հիւր Սրբազան Հայրը այս առիթով շնորհաւորեց Թեմիս Առաջնորդը՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ վերընտրութեան առիթով, նաեւ՝ որոշ տեղեկութիւններ հաղորդեց Ատրպատականի Թեմի եկեղեցական կեանքին ու մասնաւորաբար Ս. Թադէի վանք ուխտագնացութեան մասին:

Առաջնորդ Սրբազանին հրաւէրով եւ տնօրինութեամբ, Տ. Գրիգոր Սրբազան Կիրակի, 14 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022