Այս տարի Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը կը համընկնի Կիրակի, 10 Փետրուարին։ Առաջաւորաց պահքը հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, մեր ազգի Քրիստոնէութեան դարձին առիթով, եւ իւրայատուկ է Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ։ Առաջաւորաց պահքը մեր ժողովուրդի աւանդութեանց մէջ ծանօթ է նաեւ Ս. Սարգիսի պահք անունով, քանի որ պահքին յաջորդող շաբաթ օրը Հայաստանեայց եկեղեցին կը նշէ Ս. Սարգիսի տօնը:
Առաջաւորաց պահքի ծոմապահութիւնը կը սկսի Կիրակի, 10 Փետրուարին, կէս գիշերին։ Չորեքշաբթի առաւօտեան, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ խաչահանգիստ եւ ջրօրհնէք պիտի կատարուի, որմէ ետք հաւատացեալ ծոմապահները Ս. Հաղորդութիւն եւ օրհնուած ջուր պիտի ստանան։ Արարողութեան մանրամասնութեանց ծանօթանալու համար, կը խնդրուի դիմել մեր եկեղեցիներու գրասենեակները։