Առաջաւորաց Պահքի Առիթով Խաչահանգիստ եւ Ջրօրհնէք

Այս տարի Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը կը համընկնի Կիրակի, 21 Յունուարին։ Առաջաւորաց պահքը իւրայատուկ է Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին կողմէ, մեր ազգի Քրիստոնէութեան դարձին առիթով։ Առաջաւորաց պահքը մեր ժողովուրդի բարեպաշտութեան մէջ ծանօթ է նաեւ Ս. Սարգիսի պահք անունով, քանի որ Առաջաւորաց պահքին յաջորդող շաբաթ օրը Հայաստանեայց եկեղեցին կը նշէ Ս. Սարգիսի տօնը:

Եռօրեայ ծոմապահութիւնը կը սկսի Կիրակի, 21 Յունուարին կէս գիշերին եւ կը շարունակուի մինչեւ Չորեքշաբթի, 24 Յունուարին առաւօտը։

Չորեքշաբթի առաւօտեան, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ Առաջաւորաց պահքի խաչահանգիստ եւ ջրօրհնէք կը կատարուի, որմէ ետք հաւատացեալ ծոմապահները Ս. Հաղորդութիւն եւ օրհնուած ջուր կը ստանան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022