Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ գործակցութեամբ “Ասպարէզ”ի խմբագրութեան, Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական Յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 21 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ կազմակերպուած է ողջունահանդէս մը, ներկայացնելու համար Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի “Խաչելութեան Ճանապարհը” եւ “Խաչելութենէն Յարութիւն” հատորները։
Հեղինակին ներկայացումը պիտի կատարէ “Ասպարէզ”ի խմբագիր Տիար Աբօ Պօղիկեան: Հատորները պիտի ներկայացնեն Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քնհյ. Քիրազեան եւ Տիար Խաժակ Տիքիճեան։ Նախատեսուած է գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Մուտքը ազատ է. տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։