Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 16 Յունուար 2018-ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ամերիկեան դիւանագէտ Էլենի Քունալաքիսի, որ յառաջիկայ Նոյեմբերի ընտրութիւններուն, թեկնածու պիտի ներկայանայ Քալիֆորնիոյ փոխ կառավարիչի պաշտօնին։ Տիկին Քունալաքիս անցեալին վարած է Հունգարիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը։ Դիւանագէտին կ’ընկերանային Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի նախագահ Տիկին Մարիա Մեհրանեան եւ ընտրապայգարի Հարաւային Քալիֆորնիոյ ելեւմտական պատասխանատուներէն Քրիսթինա Քեկէեան։
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հիւր թեկնածուին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց Քալիֆորնիոյ հայ-ամերիկեան համայքին ու Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան մասին։ Տիկին Քունալաքիս իր կարգին տեղեկութիւններ հաղորդեց իր դիւանագիտական ասպարէզին, ինչպէս նաեւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ ճամբով իր հասարակական գործունէութեան մասին։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատաքով արտայայտուեցաւ Տիկին Քանուլաքիսի ծառայութիւններու մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն։