2013 Լուրերու Արխիւ
Tennis Legend Andre Agassi Visits St. Garabed Church of Las Vegas
This post is only available in English.
Ֆերահեան Վարժարանի 10րդ Կարգի Աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեցին
Քայլ պահելով մեր Թեմին մէջ Ազգային Վարժարաններուն կողմէ հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան հետ, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի 10րդ կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 2 Մայիսի առաւօտուն Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ մտերմիկ պահ մը բոլորեցին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու հոգեւոր հայրերու հետ, ծանօթանալով Ազգային Առաջնորդարանի աշխատանքի դաշտերուն եւ առաքելութեան։ Աւելի քան 35 աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներուն […]
Շաբաթական Լուրեր – 3 Մայիս 2013
Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին կը մեկնի Հայաստան, Ս. Էջմիածինի մէջ մասնակցելու համար Սրբադասման յանձնախումբի ժողովներուն։ Նկատի ունենալով, որ 16րդ դարէն ի վեր մեր եկեղեցին չէ սրբադասած ոեւէ սրբակենցաղ անձ կամ նահատակ, մեր Վեհափառ Հայրապետներուն հովանաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի […]
Փիլիպոս Վարժարանի 10րդ եւ 11րդ Դասարաններու Աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեցին
Ապրիլ 24էն երկու օր ետք, Ազգային Առաջնորդարանի յարկը դարձեալ պատանի աշակերտներու խանդավառութեամբ վարակուեցաւ, երբ Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Երկրդ. վարժարանէն աւելի քան 60 աշակերտներ այցելութեան եկան Ազգի Տունը եւ արժանացան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հիւրընկալութեան։ Այցելուներն էին վարժարանին 10րդ եւ 11րդ դասարաններու աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին […]
Իրանի Պատմական Եկեղեցիներու Պետական Կեդրոնի Տնօրէն Շերլի Աւետեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 26 Ապրիլի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրանի Պատմական Եկեղեցիներու Պետական Կեդրոնի տնօրէն Շերլի Աւետեանի այցելութիւնը, ընկերակցութեամբ Տիար Անտրէ Շամլեանի։ Յարգելի հիւրը նաեւ տնօրէնն է Թեհրանի մէջ երանաշնորհ Տ. Արտակ Արք. Մանուկեանի անուան թանգարանին։ Շերլի Աւետեան տեղեկութիւններ հաղորդեց իր աշխատանքին եւ այն հոգածու վերաբերմունքին […]
Շաբաթական Լուրեր – 26 Ապրիլ 2013
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒԻ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Ցեղասպանութեան 98-ամեակի յիշատակման նախօրեակին, մեր Վեհափառ Հայրապետներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը հրատարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, վերահաստատելու համար Թուրքիայէն հայութեան արդար պահանջները եւ շեշտելու, որ կարելի բոլոր միջոցներով պիտի հետապնդուին այդ իրաւունքները։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]
Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Յիշատակում
Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլի կէսօրին, հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները, հոգեւորականներ, հայկական կուսակցութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ սկաուտներու փաղանգ մը համախմբուեցան Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին շուրջ, ոգեկոչման ձեռնարկին համար։ Հաւաքը կազմակերպուած էր մեր գաղութի միացեալ մարմինին կողմէ։ Աւանդական այս հաւաքին ներկայ էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը՝ Գրիգոր Տէր Յովհաննէսեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարակոսա, նահանգային խորհրդարանական եւ […]
Վեհափառ Հայրապետներուն Միացեալ Կոչը
ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ 2015-ին հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի ամբողջ տարածքին, պիտի նշէ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը։ 1915-ի ցեղասպանութեանը զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր, աքսորի ճամբուն վրայ վերապրած հայերը ապաստան գտան Արեւելեան Հայաստանի՝ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ […]
Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Առիթով Միացեալ Ս. Պատարագ
Հաւատարիմ մնալով տարիներու աւանդութեան, Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը այս տարի եւս եկեղեցական արարողութիւններով ու ժողովրդային հաւաքներով նշուեցաւ մեր Թեմին մէջ։ Այս տարի, Ցեղասպանութեան 98ամեակին առիթով, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլի երեկոյեան, Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ Ս. Պատարագ, մասնակցութեամբ հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն եւ խուռներամ բազմութեան։ Ս. Պատարագը մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]
Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Յիշատակման Board of Supervisors-ի Նիստը
Ցեղասպանութեան 98ամեակի յիշատակման յատկացուած պաշտօնական հանդիսութիւններու ծիրին մէջ, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլի առաւօտուն, Լոս Անճելըսի Board of Supervisorsը իր նիստը յատկացուցած էր 1915էն 1923 տարիներուն նահատակուած հայերու յիշատակին, նախաձեռնութեամբ խորհուրդի նախագահ Մայքըլ Անթոնովիչի։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, նիստին ներկայ եղան Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ […]
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 41րդ Նստաշրջան Գնահատանք Արձանագրեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ընտրեալ Մարմիններու Գործունէութեան Մասին
Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը 19 եւ 20 Ապրիլին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ յարկին տակ գումարեց իր 41րդ ընթացիկ նստաշրջանը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ բոլոր ծխական շրջաններու եւ կրթական մարզի ներկայացուցիչներու։ Ներկայ էին Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ատենապետները կամ ներկայացուցիչներ, […]
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ֆրեզնոյի Հայ Տարեցներու Հիմնարկը
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 41րդ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 եւ Շաբաթ, 20 Ապրիլին, Ֆրեզնոյի մէջ։ Նստաշրջանին բացման նիստէն առաջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելութիւն մը տուաւ քաղաքի Հայ Տարեցներու Տունը՝ California Armenian Home։ Առաջնորդ Սրբազանին կ՚ընկերանային Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար […]
Շաբաթական Լուրեր – 19 Ապրիլ 2013
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 21 Ապրիլը Ս. Յարութեան տօնին չորրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Կարմիր Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 21 Ապրիլին պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը վեր առնող իր պատգամը։ *** ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 98-ԱՄԵԱԿԻՆ […]
Օծում Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ
ՀԱՒԱՏՔԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԵԱՆՔ – ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ «ԳՈՒՃԱՔԵԱՆ» ՍՐԱՀԻ – ԾԽԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԱՏՐՈՒՇԱՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «Ս. ՏՐԴԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ Հայրենի հողերէն հազարաւոր մղոններ հեռու, Ատլանտեանի օտար այս ափերուն, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին եղած է ու կը մնայ հայու հաւատքին եւ ինքնութեան անխորտակելի միջնաբերդը։ Պայմաններու բերումով հայրենի հողերէն ու հայրենիքէն գաղթած կամ տարագրուած […]