2013 Լուրերու Արխիւ

Շաբաթական Լուրեր – 12 Յուլիս 2013

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 21 Յուլիսին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ *** ՀՕՄ–Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 93ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՈՒՄ Ուրբաթ, 12 Յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 10։30-ին, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան […]

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսաց Ժողով

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Առաջնորդներու Խորհուրդը, յանձինս Հայ Առաքելական, Ղըպտի եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու, Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2013ին, իր հերթական ժողովը գումարեց Ս. Եփրեմ Ասորի Ուղղափառ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Պըրպէնք։ Աղօթքէ ետք, ժամը 11-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրեր՝ Գերշ. Տ. Սրաբիոն Եպսկ. (Ղըպտի Ուղղափառ), Գերշ. Տ. Եուճին Քափլան (Ասորի Ուղղափառ), Բարձր. Տ. Մուշեղ […]

Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Նոր Հոգեւոր Հովիւը՝ Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան Մատուցեց Անդրանիկ Ս. Պատարագը

Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը այս տարի մասնայատուկ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ծխական շրջանի նոր հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան մատուցեց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան խորհուրդը վեր առնող քարոզ մը։ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին լեցուն էր […]

Շաբաթական Լուրեր – 5 Յուլիս 2013

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի Այցելութիւնը

Երեքշաբթի, 2 Յուլիսի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան վերընտրեալ անդամներէն Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի։ Յարգելի հիւրը, որ կը բնակի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Ազգ. Առաջնորդարան ժամանած էր ընկերակցութեամբ Թեմիս Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Վահան Պզտիկեանի, որուն հետ ունի բազմամեայ բարեկամութիւն։ Հանդիպումը […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայր Ռաֆայէլ Անտոնեանի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 2 Յուլիսի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պոսթընի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Ռաֆայէլ Վրդ. Անտոնեանի այցելութիւնը։ Հայր Սուրբը նաեւ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիւանապետի պաշտօնը։ Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու մեր ժողովուրդին մատուցուած հոգեւոր ծառայութեան մասին, […]

Առաջնորդ Սրբազանը Յանուն Վեհափառ Հայրապետին «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանը Յանձնեց Ազգ. Բարերար Ճորճ Թումանեանի

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 25 Յունիսին այցելութիւն մը տուաւ ազգային բարերար Տիար Ճորճ Թումանեանի եւ անոր յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը, որով ի պատասխան Առաջնորդ Սրբազանին խնդրանքին՝ ազնիւ բարերարին կը շնորհուէր «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ՚ընկերանային Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ հոգաբարձութեան […]

Շաբաթական Լուրեր – 28 Յունիս 2013

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՔՐԵՍԵՆԹԱՅԻ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆԻ «ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԸ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Կոմիտէի (Քրեսենթա Հովիտ) հրաւէրով եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Հինգշաբթի, 27 Յունիսի առաւօտեան ժամը 10։00ին, Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, այցելեց «Զաւարեան» ամառնային ճամբարը, Քրեսենթայի Հայ Կեդրոնին մէջ։ Հայր Սուրբին կ՚ընկերանար Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան։ Անոնք […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայ Աւետ. Համայնքի Հոգեւոր Հովիւներու Այցելութիւնը

Երեքշաբթի, 25 Յունիսի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Աւետ. եկեղեցիներու Միութեան հովիւ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի, որուն կ՚ընկերանար Հայաստանի մէջ Հայ Աւետ. Միութեան հոգեւորականներու պատուիրակութիւն մը, որ այս օրերուն Լոս Անճելըս կ՚այցելէր։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի մէջ Հ. Ա. Միութեան ներկայացուցիչ Վեր. Մկրտիչ […]

Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան Կը Նշանակուի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Խառն Ժողովը այսու կը յայտնեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, ու յատկապէս Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքի զաւակներուն, թէ Արժանապատիւ Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան նշանակուած է Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ. Տէր Հայրը իր հովուական ծառայութեան պիտի սկսի 1 Յուլիս 2013ին։ Կիրակի, 7 Յուլիսին, […]

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Եկեղեցւոյ Ծխական Համայնքը Ապրեցաւ Պատմական Շաբաթավերջ մը

22-23 Յունիսի շաբաթավերջը յիշատակելի հանգրուան մը եղաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լւոսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար. հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ տարեկան ձեռնարկը, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, նուիրուած՝ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեանի 80րդ տարեդարձին։ Ներկայ էին նաեւ Սպահանի Թեմի առաջնորդ Բարձր. Տ. Բաբգէն Եպսկ. […]

Շաբաթական Լուրեր – 21 Յունիս 2013

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ – ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 18 Յունիսի երեկոյեան Լոս Անճելըս վերադարձաւ, Անթիլիասի մէջ մասնակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին։ Առաջնորդ Սրբազանը Կրօնական Ժողովի անդամ վերընտրուեցաւ յաջորդ քառամեակին համար, իսկ Քաղաքական ժողովի […]

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Չորեքշաբթի, 12 Յունիսի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ բոլոր Թեմերը ներկայացնող շուրջ հարիւր պատուիրակներու, որոնց շարքին՝ Թեմակալ Առաջնորդներ։ Ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ժողովին կը մասնացէին նաեւ հրաւիրեալներ։ Ազգային Ընդհանուր […]

Յարութ Պարսամեան Ուսանողական Կրթաթոշաթի Դիմումնագիրներու Ընդունում

Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու Ազգային Վարչութիւնը այսու կը յայտարարեն, թէ ուսումնական յառաջիկայ 2013-2014 տարեշրջանին համար, դիմումնագիրներ պիտի ընդունուին «Յարութ Պարսամեան Հայ Ուսանողներու Կրթաթոշակ»ին համար։ Հիմնադրամը հաստատուած է Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ, աջակցելու համար հայ ուսանողներու, որոնք կը փափաքին բարձրագոյն ուսման տիրանալ Միացեալ Նահանգներու որեւէ վարկաւորուած համալսարանի կամ քոլէճի մէջ։ […]

Շաբաթական Լուրեր – 7 Յունիս 2013

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ Չորեքշաբթի, 5 Յունիսի յէտմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Անթիլիաս մեկնեցաւ, մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Մայրավանքի յարկին տակ, 12էն 15 Յունիսին, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը պիտի քննարկէ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022