2021 Լուրերու Արխիւ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը- 2021
ԴԵ՛Ռ ԿԸ ՔԱԼԵՆՔ՝ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ «ԵՍ ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ» (Յհ 11.25) Տարիէ մը ի վեր, Երկիր մոլորակը աստուածային անմիջական այցելութեան կը սպասէ: Այցելութիւն մը, որ պիտի վերափոխէ Երկիրն ու մարդկային կեանքը, այցելութիւն մը, որուն յոյսով կ՛ապրի ամէն ոք անխտիր, կը գործէ ամէն համայնք՝ իր դժուարութիւնները վերացնելու համար եւ կը գոյատեւեն ազգեր՝ իրենց սահմանափակումները ջնջելու […]
Հայկ Եւ Շահան Գազանճեան Եղբայրներ Կը Զօրակցին Ազգային Առաջնորդարանի Հեռատեսիլային Յայտագրին
Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2021ի յետմիջօրէին Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին երիտասարդ եղբայրներ՝ Հայկ եւ Շահան Գազանճեաններ, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի յայտնեցին իրենց խանդավառութիւնը՝ ամէն Կիրակի հեռատեսիլէն սփռուող «Եկեղեցին Հայկական» յայտագրի նորովի ներկայացման կերպին եւ բնոյթին մասին, որ «լրատուութեան կողքին ունի նաեւ ուսուցողական եւ դաստիարակչական ներդրում՝ մեր ժողովուրդի եւ յատկապէս հայ երիտասարդութեան […]
Ծաղկազարդեան Ցնծագին Մթնոլորտ Արեւմտեան Թեմէն Ներս
Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի շնորհաբեր տօնը՝ Ծաղկազարդը, մեծ շուքով տօնախմբուեցաւ Կիրակի, 28 Մարտ 2021ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս: Առաջնորդ Սրբազանը՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ: Նաեւ՝ ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանի հրաւէրին, բարձրաստիճան Հոգեւոր հայրեր Ծաղկազարդի օրը հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեցին, քարոզեցին եւ տօնական […]
Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Արցախի Տարի» Հռչակագրին Ընդառաջ – Ազգային Առաջնորդարանը Կը Հաստատէ Նոր Հիմնադրամ՝ «Նահատակի Ընտանիքին»
Չորեքշաբթի, 24 Մարտ 2021, երեկոյեան ժամը 7ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան Մեծ Պահոց հսկումի վերջին արարողութիւնը եւ կատարուեցաւ մոմավառութիւն՝ վասն խաղաղութեան հոգւոցն հայոց քաջարի նահատակացն: Արարողութեան մասնակցեցան Թեմիս Հոգեւորականաց դասը, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան, Տիկնանց Օժանդակ մարմինին […]
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան Կեդրոն
Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2021-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ քահանայ հայրերու այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան կեդրոն, ընդառաջելով անոր վարչութեան հրաւէրին։ Ատենապետ Եղբայր Աւօ Քապաքչուզեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, կատարուեցաւ Խաղաղական ժամերգութիւն, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց, հիմնուելով 100-րդ Սաղմոսին վրայ. «Աղաղակեցէք առ […]
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը յիշատակելի շաբաթավերջ մը ապրեցաւ Շաբաթ 20 եւ Կիրակի 21 Մարտ 2021ին, իր երդիքին տակ հիւրընկալելով Թեմակալ Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանը, որ համանուն եկեղեցւոյ Սուրբին՝ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապ տօնին առիթով առաջնորդական այցելութիւն տուաւ իր հօտին, շրջանին մէջ ստեղծելով տօնական խանդավառ մթնոլորտ: Շաբաթ յետմիջօրէին, […]
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչները
Չորեքշաբթի, 17 Մարտ 2021ին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի: Հանդիպման աւելի ուշ միացաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեան: Այցելուները առաջին հերթին իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Սրբազան Հօր եւ անձամբ […]
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ընդունեց Այցելութիւնը Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի
Չորեքշաբթի, 17 Մարտ 2021ին, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան այցելեց շրջանս հիւրաբար գտնուող Ատրպատականի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Արք. Չիֆթճեան եւ մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ եղբայրական հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ: Զոյգ առաջնորդներուն հանդիպումը ընդգրկեց հայրենիքի եւ սփիւռքի գաղութներու ներկայ իրավիճակն ու համայն հայութիւնը յուզող հարցեր:
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Աշխատանքային Հանդիպում Մը Ունեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող Մարմնին Հետ
Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2021, երեկոյեան ժամը 6էն 9 աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող մարմնին հետ, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ: Հաւաքը սկիզբ առաւ շարականներու երգեցողութեամբ, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչական կազմի անդամներուն ուղղելով […]
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Օրէնճ Քաունթի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Տօնին Առիթով
Օրէնճ Քաունթիի Ս․ Քառասնից Մանկանց ծխական համայնքին համար Շաբաթ, Մարտ 13 եւ Կիրակի, Մարտ 14, 2021ը եղան յիշատակելի օրեր։ Արդարեւ, անցեալ շաբաթավերջին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան իր հովուական անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Օրէնճ Քաունթիի հայ համայնքին, յատուկ փայլք եւ հոգեւոր մթնոլորտ ստեղծելով տեղւոյն հայութեան կեանքէն ներս: Մեծ թիւով հաւատացեալներ անհուն բերկրանքով […]
Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Առաջնորդներու Առցանց Հանդիպում
Ուրբաթ, 5 Մարտ 2021-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու Առաջնորդները՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեան (Արեւելեան Թեմ), Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան (Գանատայի Թեմ) եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան (Արեւմտեան Թեմ) առցանց հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան՝ եկեղեցական, կրօնական, երեք գաղութները յուզող անմիջական ու հասարակաց հարցերու, կրթական ու հոգեմտաւոր աշխատանքներու, ինչպէս […]
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչները
Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2021ի առաւօտեան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ ընտանիքը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան անդամ եւ եկեղեցւոյ Ազգային երեսփոխան՝ Հ. Հ. Պատուոյ հիւպատոս տիար Պերճ Աբգարեան, նաեւ Ազգային երեսփոխաններ […]
«Անառակի Կիրակի» Եւ Հոգեհանգիստ՝ Հօմի Ննջեցեալ Անդամներու Եւ Բարերարներու Հոգւոցն
Հայոց Եկեղեցին 28 Փետրուար 2021ին նշեց «Անառակի Կիրակի»ն: Ըլլալով Փետրուար ամսուան վերջին Կիրակին եւ ըստ աւանդութեան, Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի տնօրինումով եւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան խնդրանքով՝ յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Հայ Օգնութեան միութեան ննջեցեալ անդամներու եւ բարերարներու հոգւոցն խաղաղութեան համար: Առաջնորդ […]
Տեառնընդառաջի Առիթով՝ Հանդիսաւոր Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ
Կիրակի, 14 Փետրուար 2021ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Տեառնընդառաջի առիթով իր առաջնորդական առաջին Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ եւ իր պատգամը սկսաւ հետեւեալ բառերով. «Փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ իմաստութիւնը տուաւ մեզի, որպէսզի այսօր բոլորս մեր քայլերը առաջնորդենք դէպի Իր սուրբ տաճարը […]
Ղեւոնդեանց Եւ Վարդանանց Տօնախմբութիւն Արեւմտեան Թեմէն Ներս
Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2021ի երեկոյեան ժամը 6ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Սրբոց Վարդանանց զոյգ տօներու նուիրուած հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ: Ս. Պատարագը մատոյց Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան եւ Ս. Խորանին սպասարկեցին թեմի հոգեւորականները: Այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կարեւորութեամբ վեր առաւ […]