2021 Լուրերու Արխիւ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԳԱՄ
«ԱՌԱՒՕՏ ԼՈՒՍՈՅ» Այս օրհնեալ պահուն, երբ համախմբուած ենք աստուածային տուն Ս. Աստուածածին անուն փառաւոր եկեղեցւոյ մէջ ի Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա, անսահման ուրախութիւնը կը պատէ իմ հոգին՝ որպէս նորընտիր Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի, որ ամիսներու սպասումէ ետք, շնորհիւ երկնային օրհնութեան ու միջամտութեան, ցնծութիւնը եւ պատիւը կ՛ունենամ այս անգամ որպէս Առաջնորդ բարձրանալու ժայռեղէն հաւատքի այս բեմին վրայ […]
Այցելելով Նորընտիր Առաջնորդին Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան-Օհանէսեան Եւ Դուստրը Սիլվի 10 Հազար Տոլար Նուիրեցին Ազգային Առաջնորդարանին
Երկուշաբթի, 4 Յունուար 2021-ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան-Օհանէսեանի եւ իր դստեր՝ Սիլվիի։ Տիկին Անահիտը Սրբազան Հօր փոխանցեց իր անկեղծ բարեմաղթութիւնները եւ առ ի զօրակցութիւն նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին` Ազգային Առաջնորդարանին նուիրեց 10 հազար տոլար: