Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Դատ Բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին Մօտ


Երեքշաբթի 28 Ապրիլ 2015ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի իր պատմական Կաթողիկոսարանին վերադարձը։ Անցնող երկու տարիներու ընթացքին, յիշեալ դատի պատրաստութեան աշխատանքին լծուած էր թրքական ու միջազգային դատավարական օրէնքներու մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ։

Կաթողիկոսարանին կալուածները, որոնց մաս կը կազմէ Ս. Սոֆիա եկեղեցին եւ միաբաններու վանքը, կը գտնուին այժմու Թուրքիոյ Ատանայի շրջանի Գոզան քաղաքին մէջ. աւելի քան եօթը դար հայ եկեղեցւոյ կեդրոն հանդիսացող կաթողիկոսարանին կալուածները Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ բռնագրաւուեցան Ցեղասպանութեան օրերուն եւ Կաթողիկոսարանը, մեր ժողովուրդին նման, դարձաւ աքսորական, ի վերջոյ հասատատուելով Լիբանանի Անթիլիաս աւանին մէջ: Սիսի Կաթողիկոսարանի եւ ապա ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը կրնայ կարեւոր քայլ մը դառնալ՝ մեր ժողովուրդի կալուածներուն վերադարձին եւ բռնաբարուած իրաւունքներու վերականգնումին ճամբուն վրայ։

Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլին, մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի Մամլոյ ազգային ակուբին մէջ, մեր պահանջքը օտար շրջանակներուն ու միջազգային համայնքին ծանօթացնելու համար։ Յառաջիկային, մամլոյ ասուլիս պիտի կազմակերպուի նաեւ Ժընեւի մէջ։ Այս դատին մասին վերջին նորութիւններուն կարելի է հետեւիլ Կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ.- www.armenianorthodoxchurch.org

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022