Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Աղօթք եւ Ջրօրհնէք Արարատ Տան Մէջ

Մեր Թեմի տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, եւ տնօրինութեամμ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Չորեքշաμթի, 2 Յունուար 2013ին, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եւ ջրօրհնէք կատարուեցաւ «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի կեդրոնին մէջ։ Արարողութեան մասնակցութիւն μերին Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ։

Առաւօտեան ժամը 10-ին, հաստատութեան հիւանդանոցի μաժինին մէջ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւն։ Առաջնորդ Սրμազանը այս առիթով իր օրհնութիւնները եւ μարեմաղթութիւնները μաշխեց պատսպարեալներուն ու հաստատութեան պատասխանատուներուն։

Ժամը 10։30-ին, հաստատութեան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Երգեցողութիւնը կատարեցին հոգեւորականաց դասի անդամներ։ Պատարագեց եւ քարոզեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուծոյ Միածին Որդի Յիսուսի Ծննդեան պարագաներուն եւ վեր առաւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդը՝ միաժամանակ շնորհաւորեց μոլորին Ամանորը եւ մաղթեց որ 2013 Նոր Տարին ըլլայ առողջութեամμ, խաղաղութեամμ եւ երջանկութեամμ առլցուն տարի մը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք եւ պատսպարեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Հաւաքական յիշատակի խմμանկարէն ետք, Առաջնորդ Սրμազանն ու հոգեւոր հայրերը մասնակցեցան սիրոյ ճաշի, հաստատութեան պատասխանատուներուն ու անձնակազմի անդամներուն հետ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022