Թեմիս Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 44րդ Նստաշրջանի Հոգեւորականաց Համագումար Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ


Արեւմտեան Թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովի 44րդ նստաշրջանի հոգեւորականաց համագումարը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2016ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Կրօնական Ժողովի, հոգեւորականաց դասու անդամներ եւ հանգստեան կոչուած քահանաներ:

Համագումարը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:30ին, «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, գիշերային ժամերգութեամբ: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հոգեւոր այս պահը ընծայեց Երեսփոխանական ժողովի նախօրէին, միասին աղօթելու եւ հոգեւորապէս նորոգուելու ծառայական մեր առաքելութեան եւ պարտականութեանց մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը առաւօտեան ժամերգութեան աղօթքէն առնելով իր տողերը՝ Աստուծմէ խնդրեց, որ իր աչքի բիբին պէս պահէ մեր թեմը եւ հոգեւորականները, իր Ս. Հոգւոյն զօրութեամբ առաջնորդէ։ Ապա, ան խորհրդածութեան նիւթ դարձուց Պօղոս առաքեալի Կողոսացիներուն ուղղած նամակի 3րդ գլուխի 22-25 համարները, ուր առաքեալը իր յորդորներով կողոսացիները խրախուսելով կը թելադրէ ըսելով. «Ձեր ծառայութիւնը ըրէք՝ ոչ միայն երբ հսկող աչք կայ ձեր վրայ, ինչպէս կ’ընեն անոնք՝ որոնք մարդոց հաճութիւնը կ’ուզեն շահիլ, այլ՝ անկեղծ սրտով, Տիրոջ հանդէպ ձեր ունեցած պատկառանքէն մղուած։ Ինչ որ ալ ընէք՝ սրտանց ըրէք, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց։ Գիտցէք, որ Տիրոջմէ է, որ պիտի առնէք ձեր հատուցումը, որ խոստացաւ ձեզի տալ, քանի որ Տիրոջ՝ այսինքն Քրիստոսին է որ կը ծառայէք» (Կղ. 3։22-24)։ Սրբազան Հայրը հոգեւորականներուն թելադրեց, որ այն բոլոր գործերը եւ հոգեւոր աշխատանքներն ու ծառայութիւնները, զորս կ՛ընենք՝ սրտանց ու հոգիով ընելու ենք. ո՛չ թէ մարդոց հաճելի ըլլալու, այլ՝ Աստուծոյ, որովհետեւ Աստուծմէ պիտի ստանանք մեր վարձատրութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի 53 տարիներու հոգեւոր ծառայութիւնը ինչպէս որ իր քահանայական ձեռնադրութեան 40ամեակը կ’ամբողջանայ յառաջիկայ Յունիսին: Ան հոգեւորականները յորդորեց, որ չըլլան միայն ծիսակատարներ, այլ հոգեւոր դաստիարակներ, գիտակից նախանձախնդրութեամբ եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ նուիրուին իրենց ծխական շրջաններուն՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան աշխոյժ աշխատանք ծաւալեն։ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ կանգնած յուշարկոթողին առջեւ յիշատակի խմբանկար մը առնելէ ետք, հոգեւորականաց դասը անցաւ սրահ, ուր համագումարը սկսաւ իր աշխատանքներուն Առաջնորդ Սրբազանի ողջոյնի խօսքով:

Ապա տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն: Դիւանը կազմուեցաւ հետեւեալ հոգեւորականներէն. Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան՝ ատենապետ. Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան՝ ատենադպիր, Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան՝ քարտուղար։

Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան, սրտի իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց որ հոգեւորականաց համագումարին առթիւ թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամները մէկտեղուած են, եւ ստեղծուած է գեղեցիկ պատեհութիւն, միասնաբար աղօթելու եւ ծրագրելու յառաջիկայ տարեշրջանին տարուելիք հոգեւոր աշխատանքները։ Ան բարձր գնահատեց թեմակալ Սրբազան Առաջնորդին 20ամեայ բոլորանուէր ծառայութիւնը եւ արձանագրած յաջողութիւններն ու նուաճումները՝ հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ կազմակերպչական բնագաւառներէն ներս, մասնաւորելով, որ թեմակալ Առաջնորդին տարիներուն, հոգեւորականաց կեանքի մակարդակը բարձրացած եւ պայմանները բարելաւուած են, միաժամանակ՝ հոգեւոր աշխատանքի եւ ծառայութեան դաշտերը ընդարձակուած։ Հետեւաբար, ակնկալութիւններն ու սպասումներն ալ կրկնապատկուած են։

Համագումարի առաջին օրակարգով, ընթերցուեցաւ Կրօնական Ժողովին կողմէ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին ներկայացուելիք տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ անմիջական հարցեր ու առաջարկներ: Ժողովը գնահատեց Կրօնական Ժողովի դիւանին տարած աշխատանքը՝ պատրաստելու համար տարեկան տեղեկագիրը։

Կէսօրին, տեղի ունեցաւ հաւաքական ճաշ, հիւրընկալութեամբ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։

Համագումարը օրակարգի վրայ ունէր դասախօսութիւն, հոգեւոր խորհրդածութիւն եւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կապուած հարցեր:

Դասախօսեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, նիւթ ունենալով «Հմայիլներու կապը մեր ժողովուրդի հաւատքին հետ, եւ արտայայտութիւնը ձեռագիրներու արուեստին մէջ»: Հայր Սուրբը լուսանկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց նիւթը, որ շահեկան էր ու լուսարձակի տակ կ’առնէր մեր մշակութային գանձերու նուազ ծանօթ մէկ երեսը:

Վերջապէս, համագումարը կատարեց հոգեւորական երեսփոխաններու ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ պատրաստեց համագումարէն բխած առաջարկներն ու թելադրանքները, ներկայացնելու համար երեսփոխանական ժողովին։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց թելադրութիւններ եւ հոգեւորականներու ամէնօրեայ աշխատանքներուն հետ կապուած յիշեցումներ, հրաւիրելով հոգեւորականները առաւել պատասխանատուութեամբ մօտենալու իրենց առաքելութեան, ինչպէս նաեւ զեկուցեց գալիք ամիսներու ընթացքին կատարուելիք աշխատանքներուն մասին, մանաւանդ անդրադառնալով Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի մեր Թեմին շնորհելիք այցելութեանը, որ տեղի պիտի ունենայ 30 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբեր 2016ին, ու անոր առանցքային կարեւորութեան մասին։

Համագումարը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով, «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականի ու «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022