Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 45րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Հինգշաբթի, 18 Մայիս 2017-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց տարեկան համագումարը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարիտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։ Համագումարին մասնակցեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան։ Համագումարին հիւրընկալութիւնը յանձն առած էր Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցին։
Համագումարը սկսաւ առաւօտեան եկեղեցւոյ մէջ, փառաբանութեան աղօթքով եւ ժամերգութեամբ, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց հոգեւոր հայրերուն հետ։ Ան նախ Քրիստոսով ողջունեց հոգեւոր հայրերը, ապա իր խորհրդածութիւնը կատարեց բնաբան ունենալով Գործք Առաքելոց 2։42-47 համարները, ուր աւետարանիչը կ’ակնարկէ առաջին դարու քրիստոնէական հաւաքական սիրոյ կեանքին։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ այնպէս ինչպէս նորադարձ քրիստոնեաները առաքեալներէն սորվելով աղօթքով, սիրով ու հոգածութեամբ կ’ապրէին եւ Տէրը կը փառաբանէին, այսօր ալ անհրաժեշտ է նոյն ձեւով ապրիլ եւ մեր հոգեւոր կեանքը վերանորոգել։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտը դրաւ 2017-ը «Վերանորոգումի Տարի» հռչակող՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ուղղեցոյց-պատգամին վրայ եւ հրաւիրեց հոգեւոր հայրերը, որ առաւել բծախնդրութեամբ մօտենան Աստուծոյ խօսքի տարածման, մանաւանդ իւրաքանչիւր անձ առաւել ուշադրութիւն դարձնէ իր հոգեւոր կեանքին։
Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերը, անցան «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճ եւ աղօթքով լծուեցան համագումարի աշխատանքներուն։
Առաջնորդ Սրբազանը կրկին անգամ ողջունեց հոգեւոր հայրերը, մաղթելով, որ սոյն համագումարը իր նպաստը բերէ բոլորին։ Ան նաեւ բարի գալուստի յատուկ խօսք ուղղեց մեր Թեմի հոգեւորականաց դասուն միացած երկու երիտասարդ միաբան հայրերուն՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանի եւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէին հոգեւորականաց համագումարին։ Ան թելադրեց, որ հոգեւոր հայրերը կրկին անգամ ընթերցեն «Վերանորոգումի Տարուան« Վեհափառ Հայրապետի պատգամն ու ուղղեցոյցը, որպէսզի առաւել գիտակցութեամբ եւ բծախնդրութեամբ ծառայութիւն մատուցենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
Ապա համագումարը անցաւ իր աշխատանքներուն։ Կատարուեցաւ դիւանի ընտրութիւն. ատենապետ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան, իսկ ատենադպիր՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։ Եփրեմ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովին եւ մաղթեց, որ այս համագումարը պտղաբեր ըլլայ իւրաքանչիւրին եւ մանաւանդ թեմի կեանքին մէջ։ Սրբազան Հայրը յիշատակեց եւ դրուատեց այն հոգեւորականները, որոնք երկար տարիներու վաստակ ունին մեր թեմին մէջ եւ կամքէ անկախ պատճառներով կը բացակայէին ժողովէն։
Ընթերցուեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին ներկայացուող Կրօնական Ժողովի տեղեկագիրը. հոգեւոր հայրերը ունեցան իրենց ներդրումը։
Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք, տեղի ունեցաւ Բ. նիստը, առաջին հերթին՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան «Վերակազմակերպում» նիւթով ներկայացուց իր դասախօսութիւնը։ Այս առիթով Հայր Սուրբը խօսեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ ուրոյն նկարագրին ու անոր ունեցած ծաւալուն գործունէութեանց դաշտերուն մասին։ Այս առիթով ան ներկաները հրաւիրեց, որպէսզի վերակազմակերպեն իրեն յանձնուած աշխատանքի դաշտերը։ Հայր Սուրբը նաեւ խօսեցաւ եկեղեցական, ուսումնական, ծիսական, ընկերային մարզերու վերակազմակերպման կարեւորութեան մասին, որոնք այնուհետեւ զրոյցի եւ խորհրդակցութեան նիւթ դարձան հոգեւոր հայրերու կողմէ։ Զրոյցի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր թելադրութեամբ, ժողովը յանձն առաւ վերակազմակերպչական աշխատանքներու ձեռնարկել, որոնք իրենց արդիւնքը պիտի տան մեր եկեղեցական կեանքին մէջ։
Յաջորդեց երկրորդ դասախօսութիւն մը, «Վերանորոգում» խորագիրով, որ ներկայացուց Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան։ Այս իմաստով Հայր Սուրբը փորձեց ամբողջական պատկեր մը տալ խօսելով հովիւին վերանորոգութեան մարզերուն եւ անոր կատարելիք աշխատանքներուն մասին եւ առաջարկեց որ իւրաքանչիւր հոգեւորական այս տարի սատար հանդիսանայ Վեհափառ Հայրապետին կոչին եւ իր գործունէութեան ընդմէջէն վերանորոգութիւնը կեանքի վերածէ իր ծառայական բոլոր բնագաւառներէն ներս։
Երկու Հայր Սուրբերը արժանացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ժողովական հոգեւոր հայրերու գնահատանքին։ Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց հոգեւոր հայրերուն, որ այս դասախօսութիւններուն լոյսին տակ, աւելի բծախնդրութեամբ եւ գիտակցութեամբ վերարժեւորեն ծառայական կեանքը։
Կարճ դադարէ մը ետք, Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքը, դիւանական եւ վարչական դասաւորումներով։ Ապա, հոգեւոր հովիւներ զեկոյցներ տուին իրենց վերակազմակերպման ծրագիրներուն մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը համապատասխան թելադրութիւններ կատարեց, որպէսզի հաւատացեալները աւելի հաղորդակից դառնան եկեղեցւոյ կեանքին։
Օրակարգի յաջորդ նիւթով զեկուցումներ տրուեցան վերանորոգութեան տարուան առթիւ ծրագիրներու մասին։ Զեկուցումներուն ընդմէջէն, լուսարձակի տակ առնուեցան ծառայութեան եւ ծխական համայնքները վերակազմակերպելու մարտահրաւէրները եւ այդ նպատակով յառաջիկայ քայլերը։ Այս հեռանկարով, հոգեւորականներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, որ պիտի պատրաստէ վերակազմակերպման ուղեցոյց մը։
Օրակարգի վերջին կէտով հոգեւորական երեսփոխաններու լրացուցիչ ընտրութիւնը կատարուեցաւ։
Համագումարի եզրափակման իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ մեր հաւաքական աշխատանքը եւ ծառայութիւնը կրնանք յաջողցնել, երբ կատարեալ գիտակցութեամբ, լրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ մօտենանք մեր կոչումին։ Բոլոր աշխատանքներն ու ծառայութիւնները պէտք է ըլլան հետեւողականութեամբ ու կենսունակութեամբ։
Համագումարը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականին եւ «Կիլիկիա» մաղթերգին երգեցողութեամբ եւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով։