Հինգշաբթի, 23 Փետրուար 2017ի երեկոյեան, Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առթիւ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն: Ս. Պատարագը մատուցանեց եւ քարոզեց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիար Աւօ Քէշիշեան եւ Տիկնայք Թերէզ Քեմանճեան ու Էլիզապէթ Պոյաճեան:
Արարողութեան ընթացքին, երգուեցաւ Ս. Վարդանանց հերոսամարտին նուիրուած «Նորահրաշ» շարականը, եւ տօնին յատուկ բարեխօսական մաղթանքը կատարուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ: Պատարագիչ Տէր Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աւարայրի ճակատամարտի պատմականին ու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած նշանակութեան, նշելով, որ Աւարայրը լոկ հեռաւոր անցեալին մէջ արձանագրուած ճակատամարտ մը չէ, որովհետեւ Հայ ժողովուրդը յաջորդող դարերուն ու մինչեւ այսօր, հաւատքի ու ինքնութեան պահպանման անհատնում ճակատամարտներ մղած է, պայքարը այսօր ալ կը շարունակուի Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, ուր հայապահպանման ու քրիստոնէական հաւատքի հաւարատմութեան գործը կը շարունակուի բազմաթիւ ճակատներու վրայ:
Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան, ոգեղէն կապ ստեղծելով Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պահպանման առաջին գլխաւոր պատերազմի խորհուրդին հետ: Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերն ու եկեղեցւոյ երգչախումբը երգեցին Վարդանանց յիշատակին նուիրուած շարականներ ու ազգային երգեր: Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայաստանի քայլերգին երգեցողութեամբ:
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՝ ԲԱՐՇ. ՅԱՐՈՒԹ ՍՐԿ. ՄԱԹՈՍԵԱՆԻՆ Այնուհետեւ, Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան հիւրընկալութեամբ, հոգեւորականաց դասն ու եկեղեցւոյ նուիրեալները «Անտոնեան» սրահին մէջ համախմբուեցան սիրոյ ճաշի շուրջ:
Տօնական այս առիթով, հովիւն ու հոգաբարձութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին յուշանուէրով մը պատուելու նախկին դպրապետը՝ Բարշ. Յարութ Սրկ. Մաթոսեանը, որ տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ եւ կամաւոր ծառայութիւն մատուցած է այս եկեղեցւոյ: Տէր Հայրն ու նախկին հոգեւոր հովիւներ գնահատանքով արտայայտուեցան Բարշ. Մաթոսեանի բազմամեայ ծառայութեան մասին ու անոր յանձնեցին յուշանուէր մը: Բարշ. Մաթոսեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց այս պատիւին արժանանալուն համար, խօսեցաւ իր 35 տարիներու ծառայութեան մասին եւ հաստատեց, որ յառաջիկային ալ պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան գնահատեց դպրապետն ու եկեղեցւոյ նուիրեալ բոլոր ծառայողները, յիշեցուց, որ երկու օր առաջ, Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցած Թեմիս հոգեւորականաց համագումարը առիթ եղած է քննարկելու անմիջական հարցեր, բայց մանաւանդ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Վերանորոգումի Տարուան պատգամին հիմամբ՝ գործնական միջոցներ ճշդելու սեփական ու հաւաքական կեանքի վերանորոգութեան համար: Ան օրհնեց ներկաները եւ մաղթեց, որ Վեհափառ Հայրապետին վերանորոգութեան կոչը համապատասխան արտայայտութիւն գտնէ բոլորիս մօտ: