Ցեղասպանութեան եւ Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակման Արարողութիւն՝ Սոլվէնկի Մէջ

Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ին, Ցեղասպանութենէն վերապրող հայ որբերու մեծ ծառայութիւններ մատուցած դանիացի հայասէր Մարիա Ճէյքըպսընի բարեկամներու ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, յիշատակի յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Սոլվէնկի Բեթանիա Լուտերական եկեղեցւոյ մէջ։ Ծանօթ է որ Մարիա Ճէյքըպսըն եղած է հիմնադիրը Լիբանանի Ճիպէյլ քաղաքին մէջ Ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, արարողութեան մասնակցեցաւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։

Արարողութիւնը սկսաւ աղօթքով. ապա, ներկաները համախմբուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած՝ Մարիա Ճէյքըպսընի կիսանդրիին շուրջ։ Խօսք առաւ ընկերակցութեան ատենապետ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան։ Հոգեհանգիստի յատուկ արարողութիւնը կատարեց Տ. Մովսէս Քահանան։ Այնուհետեւ, ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «այսօր հաւաքուած ենք աղօթք բարձրացնելու մեր սուրբ նահատակներուն հոգիներուն համար, վերահաստատելու անոնց պատգամին մեր հաւատարմութիւնը եւ հետապնդելու մեր արդար իրաւունքները, ի խնդիր ճանաչումի, հատուցման ու արդարութեան։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք այն երկիրներուն ու նահանգներուն, որոնք իբրեւ անվիճելի իրողութիւն ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, նաեւ երախտապարտ ենք Մարիա Ճէյքըպսընի նման ազնիւ անհատներու, որոնք իրենց սիրտն ու ձեռքերը բացին՝ օգնելու համար Հայ ժողովուրդին»։

Հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւը՝ Քրիս Պրաուն արտասանեց սրտի խօսք մը, շեշտելով, որ «բոլորս Աստուծոյ զաւակներն ենք, անկախ մեր հայ թէ դանիացի ըլլալէն։ Ցեղասպանութիւններն ու մարդկութեան դէմ նման ոճիրները պիտի չմնան անպատիժ, ու մենք պէտք է միասնական ըլլանք տագնապի ու փորձութեան օրերուն»։

Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։ Կազնակերպիչ ընկերակցութիւնը ճաշով հիւրասիրեց մասնակիցները։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022