Ազգային Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէսները


Յունիսի առաջին օրերէն սկսեալ, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող մեր ազգային վարժարաններն ու մանկամսուրները, հովանաւորութեամբ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ունեցան իրենց ամավերջի հանդէսները, որոնց ընթացքին, շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:

Ազգ. Աշխէն Փիլաւճեան Մանակամսուրի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Յունիսի յետմիջօրէին, Ֆերահեան վարժարանի սրահին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը ներակ եղաւ հանդէսին եւ ուղղեց իր օրհնութեան ու շնորհաւորանքի խօսքը: Ներկայ էին Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, վարժարանին Ուսումնական մարմինի եւ շրջանի հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները:

Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Երկրդ. Վարժարանը իր շրջանաւարտներու հունձքը տուաւ Կիրակի, 5 Յունիսին, վարժարանի մարզարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ մը: Առաջնորդ Սրբազանը, կողքին ունենալով Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանն ու վարժարանի պատասխանատուները, ներկայ եղաւ հանդէսին, կատարեց վկայականներու բաշխումը եւ փոխանցեց իր պատգամը։

Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 6 Յունիսի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի հանրային երկորդական վարժարանի սրահին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան: Ներկայ էին վարժարանին բարերարները՝ Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեան, բարերարներ եւ մանկամսուրի ընտանիքին անդամները:

Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի հանսէսները տեղի ունեցան Հինգշաբթի, 9 Յունիսին: Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ 8րդ կարգի հանդէսին եւ ուղղեց իր պատգամը:

Ազգ. Ֆերահեան Երկրորդ. Վարժարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 12 Յունիսին, վարժարանին «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, ներկայ էին Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, վարժարանին Ուսումնական մարմինի, շրջանի կազմակերպութկեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները:

Բոլոր հանդէսներուն, շրջանաւարտներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Հայ Դպրոցին առաքելութիւնն ու դերը՝ աշակերտներու հոգեմտաւոր աճումին մէջ, գնահատանքով արտայայտուեցաւ դաստիարակներուն աշխատանքին մասին եւ նկատի ունենալով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2016 տարին հռչակած է «Ծառայութեան Տարի», կանգ առաւ մեր ժողովուրդին ծառայելու հրամայականին վրայ, ընդգծելով, որ հայ դպրոցի պատասխանատուներն ու դաստիարակները լծուած են հայակերտումի ու մարդակերտումի ծառայութեան նպատակով, իսկ աշակերտները կոչուած են հետեւելու անոնց օրինակին ու երբ հասակ առնեն, հրաւիրուած են գործելու մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու ազգի ծառայութեան դաշտերուն մէջ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022