Հայց. Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու եւ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու ներկայացուցչական անձնաւորութեանց ներկայութեամբ, Կիրակի, 25 Յունուար 2015ի յետմիջօրէին, Փասատինայի “Մեմորիըլ Փարք” հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողի մեկնարկի արարողութիւնը:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան գլխաւորեց արարողութիւնը: Անոր կողքին էր Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան: Արարողութեան բացման խօսքը արտասանեց յուշարձանի յանձնախումբի համա-ատենապետ Տիար Ռոպէր Քալընեան, որ ներկայացուց հիւրերը: Յանձնախումբի անդամներէն Տիար Լեւոն Ֆիլեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց մասնակիցներուն եւ յայտարարեց, որ յուշարձանի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 18ին:
Իր բացման աղօթքին ընդմէջէն, Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց այս առիթին համար, ընդգծելով, որ այս յուշարձանը Ցեղասպանութեան նահատակներուն մասին յուշարար մը պիտի ըլլայ ոչ միայն Փասատինայի, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան համար:
“Թուքիոյ պետութիւնը փորձեց ոչնչացնել հայութիւնը: Հարիւր տարի ետք, մենք ոչ միայն չենք մոռցած ահաւոր ոճիրը, այլ աւելի՛ կը բարձրաձայնենք մեր իրաւունքները. այս ու աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ կանգնող նմանօրինակ յուշարձաններ վկայութիւն են մեր պահանջատիրական կամքին”, նշեց Առաջնորդ Սրբազանը, յիշեցնելով, որ Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթող մը պիտի կանգնի նաեւ Լաս Վեկասի մէջ: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս յուշակոթողի ծրագիրը իրականացնողներու ճիգերուն մասին եւ մաղթեց, որ աշխատանքը ընթանայ հեզասահ եւ յաջողութեամբ պսակուի: