CASPS ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՅ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 29 Մայիսի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի »Անուշ« ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Հանրային Վարժարաններու հայ աշակերտներու դպրոցական կեանքին հետեւող Ազգ. Առաջնորդարանի CASPS յանձնախումբին կազմակերպած հանդիսութիւնը, որ նուիրուած էր Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ շրջանաւարտ յաջողակ հայ աշակերտներուն։

Ձեռնարկը կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերանար Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էր Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան։

Ներկայ էին նաեւ եկեղեցեւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ, Հայ Կրթական Հիմնարկութեան ներկայացուցիչներ եւ կրթական այլ պատասխանատուներ։

Հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։

Բացման խօսք արտասանեց յանձնախումբի վարիչ տնօրէնուհի՝ Տիկին Արսինէ Յովհաննէսեան։ Հանդիսավարն էր 12 տարիներ առաջ շրջանաւարտ եղած Նարէ Ղարիպեան, որ բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի փոխանցէ իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքի խօսքը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը սկսաւ ուրախութիւն ու հպարտանք արտայայտելով շրջանաւարտներու ձեռքբերումներուն ու փայլուն արդիւնքներուն համար։ Ան նաեւ օրհնութեան ու գնահատանքի խօսք ուղղեց ծնողներուն, CASPSի կամաւորներուն, տնօրէններուն, դաստիարակներուն եւ Կլենտէյլի ուսումնական համակարգի վարչական պատասխանատուներուն, պատանի աշակերտներուն հանդէպ անոնց ցուցաբերած սիրոյն, զօրակցութեան ու քաջալերանքին համար, որոնք կը նպաստեն աշխակերտներուն հասունացման։ Ապա իր խօսքը ուղղակի շրջանաւարտներուն ուղղելով, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց զանոնք ու նշեց, որ անոնց շարքերէն պիտի գան մեր ապագայի ղեկավարներն ու ամերիկահայերու ներկայացուցիչները, հետեւաբար, զանոնք յորդորեց տոգորուելու ամերիկեան հայրենիքին ու հայ համայնքին արժէքներով։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց որ ուսումնառութիւնը կեանքի տեւողութիւնը գրաւող գործընթաց է, չի սահմանափակուիր դպրոցական տարիներով, հետեւաբար, աշակերտները պարտին իրենց միտքերն ու հոգիները հետեւողականօրէն հարստացնել, աճ արձանագրել հոգեպէս ու մտովին։ Առակաց Գիրքէն մէջբերումներ կատարելով՝ Առաջնորդ Սրբազանը թելադրեց ապաւինիլ Երկնաւոր Հօր, որպէսզի առաջնորդէ իրենց քայլերը։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց, որ Աստուած առաջնորդէ աշակերտներուն քայլերը, անոնց պարգեւէ ուժ եւ իմաստութիւն, որպէսզի կարենան յաղթահարել դժուարութիւններ, զանոնք օժտէ համբերութեամբ ու հետեւողականութեամբ, որպէսզի հետամուտ ըլլան իրենք ձգտումներուն իրականացման, եւ ըլլայ բոլորին կեանքի առաջնորդը։

Բանախօսն էր Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան։ Ան խօսեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին մասին, սկզբնաւորումէն մինչեւ մեր օրերը, եւ կանգ առաւ լաւ հայ ու լաւ ամերիկացի ըլլալու յատկանիշներուն մասին։

Խօսք առնողներուն շարքին էր Կլենտէյլի պետական վարժարաններու համակարգի փոխ-պատասխանատու Տոքթ. Ճոն Կարսիա։ Իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ շրջանաւարտ աշակերտներուն գնահատագիրներու եւ նուէրներու տուչութեամբ։

Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը կրթանպաստներ յանձնեց յաջողակ աշակերտներուն։

CASPS Յանձնախումբը գնահատեց նաեւ Տոքթ. Քէթի Ֆունտուքեան-Թորոսեանի ցուցաբերած սիրայօժար օժանդակութիւնը յանձնախումբի աշխատանքներուն։

CASPS-ի երկրորդ հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 6 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 5։30ին, Grant High School-ի սրահին մէջ։

Ձեռնարկը կը վայելէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը եւ նուիրուած է Լոս Անճելըսի հանրային վարժարաններու համակարգի երկրորդ տեղամասի 9-րդէն 12 կարգերու աշակերտներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022