Քահանայական Ձեռնադրութիւն եւ Օծում Ս. Սստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ – Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան Կոչուեցաւ Տ. Մովսէս Քահանայ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան մեր Թեմի հոգեւորականաց դասուն միացաւ նուիրեալ նոր զինուոր մը։ Կիրակի 23 Յուլիս 2017-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Այլակերպութեան տօնին առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին, քահանայ ձեռնադրեց եւ օծեց Խաչիկ Սրկ. Շաննագեանը, զայն վերանուանելով Տ. Մովսէս Քահանայ։

Նորընծայ քահանային խարտաւիլակն էր թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, իսկ առընթերականերն էին Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան եւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, որոնք Ս. Պատարագի պահուն սպասարկեցին Ս. Սեղանին։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչը՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Արժ. Տ. խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։ Կնքահայրութիւնը յանձն առած էր Տէր եւ Տիկին Արա Քիւրքճեան ամոլը, իբրեւ ներկայացուցիչը Քիւրքճեան ընտանիքին։

Արարողութեան ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Թերէզ Քէմանճեան, Տիկին Էլօ Պոյաճեան, Տիար Աւօ Քէշիշեան, Տիար Անդրանիկ Գասպարեան եւ Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, Ազգային երեսփոխաններ, ձեռնադրեալ քահանային ընտանիքի անդամներն ու հարազատները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՕԾՈՒՄԸ
Քահանայական ձեռնադրութեան ու օծման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագի ընթացքին, ընծայեալը՝ խարտաւիլակ Հայր Սուրբին առաջնորդութեամբ, ծնրադիր խորանին ձախակողմեան աստիճաններէն դէպի խորան յառաջացաւ։ Ապա ձեռնադրութեան յատուկ աղօթքներու, ընթերցուածներու եւ շարականներու երգեցողութենէն ետք, ընծայեալ Խաչիկ Սարկաւագ ծնրադիր ներկայացաւ Առաջնորդ Սրբազանին առջեւ։ Խարտաւիլակ Հայր Սուրբը յանուն աղօթակից հոգեւորականներուն, հաստատեց, թէ ան արժանի է այս կոչումին։ Այս վկայութիւնը ստանալէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը քահանայութեան հրաւիրեց ուխտեալ թեկնածուն եւ Ս. Խաչով եւ իր աջը անոր գլխուն դնելով, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ նորընծան օժտէ քահանայական ծառայութեան անհրաժեշտ բոլոր բարեմասնութիւններով ու արժանիքներով, որպէսզի անոր ծառայութիւնը ի սպաս դրուի Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։

Նորընծան ապա ծնրադիր առաջնորդուեցաւ խորանին կեդրոնը, եւ մինչ կ’երգուէր «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականը, նուիրեալը դէմքը արեւմուտք, հաւատացեալներուն դարձուցած, մնաց ծնրադիր, ձեռքերը գլխուն երկու կողմերը բարձրացուցած, իբր նշան աշխարհէն հրաժարելու եւ Աստուծոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուելու ուխտի։ Առաջնորդ Սրբազանը, աստուածային շնորհք հայցեց Աստուծմէ, ապա իր ձեռքը հանգչեցնելով ընծայեալի գլխուն, աղօթեց ըսելով. Ես իմ ձեռքս կը դնեմ ասոր գլխուն վրայ եւ դուք բոլորդ աղօթեցէք, որպէսզի արժանի ըլլայ քահանայական աստիճանը անարատ պահելու, ամբասիր կեանքով ծառայելու Աստուծոյ խորանին, մնայ հաւատարիմ պահապանը Իր պատուիրաններուն, սիրէ Զայն ու բարի գործերով իր ծառայութիւնները կատարէ անարատ, նմանի Քրիստոսի Առաքեալներուն, ու անոնց պէս դառնայ Ս. Երրորդութեան ու քրիստոնէական հաւատքի տարածիչ։ Ապա ձեռնադրիչ Սրբազանը, ուրարը ընծայեալի պարանոցին վրայով ձախէն աջ բերելով, «Քրիստոսի լուծը» իր վրան առնելու եւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ ընծայաբերուելու աղօթքը կարդաց։

Այնուհետեւ, կարդացուեցաւ օրուան Աւետարանը եւ արտասանուեցաւ «Հաւատամքը». ընծայեալը, մինչեւ Ս. Պատարագի «Ողջոյն»ի բաժինը, ձեռնամած կանգնեցաւ Ս. Խորանին աջակողմը։

«Ողջոյն»էն առաջ, աղօթակից հոգեւոր հայրերը դարձեալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր առջեւ առաջնորդեցին ձեռնադրեալը, որ ծնրադիր, Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ ստացաւ քահանայական փիլոնը, սաղաւարտը, գօտին ու շուրջառը։ Սրբազանը նաեւ օրհնեց պատարագի մնացեալ զգեստները, ապա զանոնք զետեղեց ձեռնադրել քահանային ուսերուն, մէջքին եւ գլխուն։

Մինչ կ’երգուէր «Խորհուրդ խորին» շարականը, նորընծան անցաւ խորանին ետին, առաջին անգամ պատարագի զգեստով զգեստաւորուելու։ Իսկ բուրվառով, մոմակալներու եւ քշոցակիրներու առաջնորդութեամբ միւռոնաթափ աղաւնին հոգեգալստեան «Կենդանարար Աստըւած» շարականի երգեցողութեամբ հանդիսաւորապէս խորան բերուեցաւ ու յանձնուեցաւ ձեռնադրիչ Սրբազանին, երբ ընծայեալը, քահանայական ամբողջական զգեստաւորումով կանգնեցաւ խորանին ձախակողմը, սպասելով ամէնէն սրտառուչ ու խորհրդաւոր՝ օծման արարողութեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր շրթներէն հնչեցին «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականին բառերը, որուն ընկերացան եկեղեցական հայրեր, իսկ դպրաց դասի «Ամէն ալէլուիա, ալէլուիա» երգէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Միւռոնով օծեց նորընծայ քահանային ճակատն ու երկու ձեռքերը, զայն վերանուանելով Տէր Մովսէս Քահանայ։ Ապա, զայն հրաւիրեց տալու առաջին օրհնութիւնը։ Ձեռնադրիչ Սրբազանը, վերջին աղօթքով, նորաօծ Տ. Մովսէս Քահանային յանձնեց սկիհն ու մաղզման, Սուրբ Հոգիի իշխանութեամբ Սուրբ Պատարագ մատուցանելու։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Առաջնորդ Սրբազանը ամէն բանէ առաջ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան այս տաղաւար տօնին, «մենք աղօթակից եւ մասնակից դարձանք Խաչիկ Սրկ. Շաննագեանի ձեռնադրութեան, Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը զինք հրաւիրեցինք քահանայական այս կոչումին եւ մեր Հայրապետներու աղօթքներով խնդրեցինք Աստուծմէ, որ պայծառապէս փայլեցնէ ընծայեալը իր սուրբ պարգեւներով եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռամբ»։

Առաջնորդ Սրբազանը նախ անդրադարձաւ ձեռնադրութեան այս արարողութեան Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին զուգադիպութեան, ու յայտնեց, թէ իր ծառայական կեանքին մէջ արձանագրուած են քանի մը ուշագրաւ ու խորհրդաւոր զուգադիպութիւններ։ Ան յայտնեց, թէ 41 տարի առաջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր ու ճիշդ այս օրը, իբրեւ նորընծայ Աբեղայ, իր անդրանիկ պատարագը մատուցած էր։ Այլ զուգադիպութիւն մը 20 տարիներ առաջ, նոյն օրը, իբրեւ նորաօծ Եպիսկոպոս, իր եպիսկոպոսական անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցած էր։ Աստուած ահա շնորհը կ’ընծայէ իրեն, որ քահանայական ձեռնադրութիւն կատարէ նոյն օրը։ Առաջնորդ Սրբազանը երախտագիտութիւն յայտնեց Աստուծոյ, իր նախախնամութեան համար, որ զինք արժանի ըրած է նման ծառայութիւններու, նշելով, որ եկեղեցականի իր ուխտով ծառայած է 41 տարի, որուն վերջին 21 տարիները բոլորած է իբրեւ Արեւմտեան Թեմին Առաջնորդը։

Խօսելով Այլակերպութեան տօնի խորհուրդին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ կերպով պատմեց Սուրբ Գրային այն բաժինը, ուր կը յիշատակուի բազմախորհուրդ դէպքը։ Ան յիշեցուց, որ Քրիստոս իր աշակերտներուն խօսած էր նախօրօք իր մահուան եւ Յարութեան մասին եւ զանոնք հրաւիրած էր ուրանալու իրենց անձերը առնելու իրենց խաչը եւ հետեւելու իրեն։ Ապա, անոնց հետ բարձրացած էր Թափօր լեռը, ուր տեղի ունեցաւ հրաշալի դէպքը. Քրիստոսի դէմքը պայծառօրէն լուսաւորուեցաւ, անոր կողքին երեւցան Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները, իսկ երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ’ըսէր. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք»։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը ուղղելով նորաօծ քահանային՝ ըսաւ. «Այլակերպութեան այս տօնը առիթ թող ըլլայ քեզի, որ դուն Տիրոջմով զօրանաս եւ քու հաւատքիդ մԷջ ամրապնդուիս, ինչպէս աշակերտները, որ Այլակերպութեան ատեն Յիսուսի հետ էին, տեսան եւ հաւատքով զօրացան։ Կը մաղթեմ, որ տոգորուիս Քրիստոսի աշակերտներուն հաւատքով ու ծառայութեան ոգիով։ Մովսէս Աստուծոյ Օրէնքը բերաւ իր ժողովուրդին, իսկ մարգարեներէն մեծագոյնը՝ Եղիա, առաջնորդեց զայն. դուն ալ հետեւէ անոնց օրինակին, առաջնորդուէ Աստուծոյ օրէնքով ու խօսքով ու ժողովուրդը առաջնորդէ դէպի զԱստուած։ Ինչպէս որ Ս. Հոգին լուսաւորեց ու զօրացուց աշակերտները եւ զանոնք վերածեց մարդոց որսորդի, դուն ալ աղօթէ, որ տոգորուիս Աստուծոյ շնորհքներով ու վայելես անոր առաջնորդութիւնը»։

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց նաեւ թէ Մովսէս անունը խոր իմաստ ու նշանակութիւն ունի Աստուածաշունչին մէջ եւ ձեռնադրեալ քահանային ուշադրութեան յանձնեց որ ինչպէս Մովսէս առաջնորդը եղաւ իր ժողովուրդին, այնպէս ալ դուն քահանայական կոչումիդ մէջ ըլլաս այն հոգեւորականը, որ պիտի կարենաս առաջնորդել ժողովուրդդ։ Աստուծոյ խօսքով առաջնորդուիս եւ առաջնորդես քու ժողովուրդդ դէպի Աստուծոյ ճամբան, ըլլալու համար «մշակ առանց ամօթոյ» (Բ. Տմ 2.15)։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց նորաօծ Մովսէս Քահանան, մաղթելով քահանայական բեղուն գործունէութիւն, որպէսզի ըլլայ «մշակ առանց ամօթոյ»։ Ան հաւատացեալներուն յայտնեց, որ Մովսէս Քահանան փոքր տարիքէն մեր եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառաներէն եղած է։ Քանատայի մէջ իր եկեղեցական ծառայութիւնը բերած է եւ սարկաւագ ձեռնադրուած է 2005 թուականին։ Այնուհետեւ փոխադրուած է Արեւմտեան թեմ եւ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունուած՝ որպէս քահանայացու, իր ուսումը շարունակած է եւ հոգեբանութեան մարզին մէջ ստացած է Պսակաւորի վկայականը (Bachelor of Science), ապա, աստուածաբանութեան մէջ ստացած է Մագիստրոսի վկայականը (Masters of Divinity)։ Նոյն շրջանին, մասնակցութիւնը բերաւ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի եւ այլ աշխատանքներուն։ Ան իր քառասնօրեայ պահեցողութիւնը պիտի ունենայ հսկողութեամբ իր խարտաւիլակին՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանի։ Այնուհետեւ պիտի մատուցէ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը, ժամանակ մը պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, մինչեւ հոգեւոր հովուութեան պաշտօնի կոչումը։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան խօսք ուղղեց Երէցկնոջ՝ Ռուպինային, Շաննագեան ընտանիքին, հարազատներուն եւ կնքահայր ամոլին։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. «Աստուծոյ խօսքին զօրութեամբ լուսաւորուինք եւ պայծառանանք, լուսաւորենք եւ պայծառացնենք մեր եկեղեցին եւ ազգը»։

«Տէր Ողորմեա»ի պահուն, աղօթք բարձրացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն՝ նորոք հանգուցեալ Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանի հոգւոյն համար։ Ան վախճանած էր անցեալ Ուրբաթ օր։

ԱՋԱՀԱՄԲՈՅՐ ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Այնուհետեւ, Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ ու երբ երգուեցաւ «Ողջոյն տուք միմեանց» շարականը, ձեռնադրիչ Սրբազանը եւ հոգեւորականներ կարգաւ, Քրիստոսի սիրով առաջին ողջոյնը ստացան իրենց կրտսեր հոգեւոր եղբօրմէն։ Այնուհետեւ, նորընծայ քահանան՝ Տ. Մովսէս, կանգնած մնաց պատարագիչ Սրբազան Հօր կողքին ու դարձաւ աղօթակից Սուրբ Պատարագի ընծայման։

Ս. Պատարագի արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով եւ «Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցիէն դուրս, ուր երգուեցաւ «Կիլիկիա»։ Ներկայ հաւատացեալները ստացան Ս. Հաղորդութիւն եւ հրաւիրուեցան համբուրելու նորաօծ քահանային աջը եւ ստանալու անոր անդրանիկ օրհնութիւնը։

Արարողութեան աւարտին, կնքհահօր աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ նորընծայ Քահանայ Հօր լուացումի արարողութիւնը։

Աւելի ուշ, յետմիջօրէին, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին ու հիւրընկալութեամբ Քիւրքճեան ընտանիքին, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ Տ. Մովսէս Քահանային։ Ներկայ էին արարողութեան մասնակից հոգեւոր հայրերն ու Ազգային Վարչութեան անդամներ, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Կարօ Քիւրքճեան, կնքահայրութիւնը ստանցնած Քիւրքճեան ընտանիքի անդամները, շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, նորընծայ քահանայի հարազատներն ու բարեկամները։ Հանդիսավարն էր Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։

Արտասանուեցան յաւուր պատշաճի ու շնորհաւորանքի խօսքեր։ Խօսք առին՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Արժ. Տ. խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Աւօ Քէշիշեան, քահանայական ձեռնադրութեան կնքահայր՝ Տիար Արա Քիւրքճեան, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Կարօ Քիւրքճեան, նորաօծ քահանային հարազատները, նորաօծ քահանայ Տ. Մովսէս Շաննագեան, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր իր ցուցաբերած հայրական գուրգուանքին եւ ծով զոհողութիւններուն համար, Իսկ վերջապէս Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս օրհնութիւնները բաշխեց նորընծայ քահանային, յորդորեց ծառայել հաւատքով, սիրով եւ անկեղծութեամբ։ Անդրադառնալով նորաօծ քահանային անուանակոչութեան, ան նշեց, որ նկատի ունեցած է նաեւ նորոգ հանգուցեալ Նորայր Եպիսկոպոսը, որուն աւազանի անունն էր Մովսէս։

Ընդունելութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ով, ապա, Տ. Մովսէս Քահանայ անցաւ իր առանձնարանը, ուր պիտի բոլորէ քառասնօրեայ պահեցողութեան ու խոկումի շրջանը։

ԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթ 22 Յուլիսին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական կոչման արարողութիւնը, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կատարողութեամբ։ Ընծայեալը՝ Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան, առաջնորդութեամբ խարտաւիլակ Հայր Սուրբին, եկեղեցւոյ մուտքէն մինչեւ եկեղեցւոյ դասը ծնրադիր մօտեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին, ուր ընծայեալը հրաժարեցաւ մաշտոցին մէջ յիշուած բոլոր հերձուածողներէն, հերետիկոսներէն ու աղանդաւորներէն, խոստանալով հաւատարիմ մնալ ու հետեւիլ ընդհանրական եւ հայ եկեղեցւոյ հայրերուն եւ հայրապետներուն ուղղափառ ուսուցումներուն։

Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը եւ սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Ան նախ բացատրեց կոչման արարողութեան իմաստն ու նշանակութիւնը եւ խօսեցաւ անոր խորհուրդին մասին։ Ապա, իր խօսքը ընծայեալին ուղղելով յիշեցուց անոր, որ ան պէտք է միշտ հաւատարիմ մնայ եկեղեցւոյ սուրբ աւանդութիւններուն եւ ծէսին, ու համաձայն իր խոստումին՝ հետեւի սրբազան հայրապետներուն ուսուցած վարդապետութիւններուն։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները առատապէս հեղու Խաչիկ Սարկաւագին վրայ, եւ յիշեցուց բոլոր հաւատացեալներուն, որ իրենք ալ աղօթեն Խաչիկ Սարկաւագին եւ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն համար, որ Աստուած զօրացնէ զիրենք իրենց ծառայական կոչման ու նուիրական առաքելութեան մէջ։

Հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին եկեղեցականներ, ձեռնադրութեան կնքահայութիւնը ստանձնած Տիար Արա Քիւրքճեան, ընծայեալին ընտանքիը եւ հաւատացեալներ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022