Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Նահատակաութեան 36-րդ Տարելիցին Առիթով՝ «Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Շաբաթ, 27 Յուլիս 2019-ը, 36-րդ տարելիցն է մեր նորագոյն պատմութեան մէջ գերագոյն զոհողութիւններ յանձն առած եւ հայ դատի պայքարին ճամբուն վրայ իրենց կեանքերը նուիրաբերած Լիզպոնի հինգ հերոսներուն՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի նահատակութեան:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, Կիրակի, 28 Յուլիս 2019-ին, մեր Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի Լիզպոնի Հինգին հոգիներուն համար։ Նոյն օրը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնն է (Վարդավառ), եւ ինչպէս ծանօթ է, տաղաւար տօներուն հոգեհանգստեան պաշտօն չի կատարուիր։

Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին որ ներկայ գտնուի արարողութեան եւ աղօթքով խոնարհի հերոս նահատակներուն յիշատակին առջեւ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022