Հայրենի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը շարժապատկերի հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, որուն «Դրախտի դարպաս» (Gate to Heaven) ժապաւէնը Միացեալ Նահանգներու AMC շարժապատկերի սրահներու ցանցի զանազան դահլիճներէն ներս պիտի ցուցադրուի գալիք օրերուն։

Հանդիպման ընթացքին, բեմադրիչ Աւետիսեան պաշտօնապէս հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ «Դրախտի դարպաս»ի դիտումին:

Թորգոմ Եպս., իր կարգին, բարձր գնահատեց բեմադրիչ Աւետիսեանի ջանքերը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ծրագիրներուն, ապա իր օրհնութեամբ Հայ ազգային վարժարաններուն կոչ ուղղուեցաւ՝ ներկայ գտնուելու «Դրախտի դարպաս» ժապաւէնի ցուցադրութեան, առ ի ծանօթացում Արծուեբոյն Արցախին եւ իբրեւ քաջալերանք Աւետիսեանի արուեստին:

Հուսկ, հայրենի արուեստագէտը Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղղեց իր երախտագիտութիւնը, Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ տարբեր առիթներով իրեն ցուցաբերուած աջակցութեան համար։

Յայտնենք, որ սոյն հանդիպման ներկայ եղան Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ հայրենի բեմադրիչի անձնակազմէն Տիար Արթիւ Չալըքեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022