Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնին, որ տօնն է նաեւ Հայ Քահանայութեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, քահանայական զգեստով Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2012ին, պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Խորանին սպասարկեցին քահանայ Հայրեր։ Ս. Պատարագին ներկայ եղան Ազգ. Ա. Փիլիպոս Երկրդ. վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտները։
Պատարագի ընթացքին, քարոզէն առաջ, եկեղեցականներու մասնակցութեամբ, երգուեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց նուիրուած շարականը եւ Ս. Ղեւոնդեանց նուիրուած »Քրիստոս Աստուած մեր« մաղթանքը։ Ազգ. Ալեք. Փիլիպոս վարժարանի աշակերտութիւնը լրջութեամբ հետեւեցաւ արարողութեան եւ ունկնդրեց Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Առաջնորդ Սրբազանին իրենց ուղղուած պատգամը։ Սրբազանը անդրադարձաւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած Ս. Վարդանանց ճակատամարտին, հայ եկեղեցականութեան մասնակցութեան եւ դերակատարութեան։ Ան վեր առաւ Քրիստոսի ու հայրենիքի հանդէպ Ղեւոնդեանց Քահանայից ցուցաբերած անսակարկ հաւատքն ու քաջութիւնը, նշելով, որ հերոսներն ու սրբազան հայրերը իմացեալ մահով նահատակութեան պանծալի պսակին արժանացան։ Ս. Ղեւոնդեանց շունչով մղուած Վարդանանց պատերազմը, գերհզօր պետութեան մը դէմ հայրենական իր աւանդներուն, քրիստոնէական հաւատքին եւ հաւատալիքներուն հաւատարիմ մնալու հաւատամարտ էր ու յանդուգն քայլ, եւ այսօր ալ մեզի նոյնը կը պատգամէ, այսինքն՝ զԱստուած ու հայրենիքը սիրել, ըլլալ հաւատարիմ մեր հայրերու հաւատքին, եկեղեցւոյ օրէնքներուն եւ կանոններուն, անանձնական սիրով պատրաստ ըլլալ ամէն զոհողութեան՝ վասն հաւատքի եւ վասն հայրենիքի։
Պատարագի աւարտին եւ յիշատակի խմբանկարէ ետք, եկեղեցւոյ կողքին գտնուող Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական ճաշ։ Վիեննայի համալսարանի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ծիսագիտութեան ամպիոնէն՝ Փրոֆ. Հանս Ֆէօլնըր, որ Առաջնորդ Սրբազանին հրաւէրով ներկայ էր հոգեւորականաց համագումարին, իր մասնագիտութեան առնչուող ծիսական, արարողական հարցերու, ինչպէս նաեւ համալսարանէն ներս ուսանողներու մասին ամփոփ զեկոյց մը տուաւ։
Նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւորականաց համագումարը անցաւ իր աշխատանքներուն։ Կրօնական Ժողովի դիւանը՝ Ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան վարեցին ժողովը, որ ընդհանրապէս զբաղեցաւ քահանայական պաշտօնի եւ հովուական առաքելութեան վերարժեւորման հրամայականներով, ինքնաքննութեան անկեղծ փորձերով լուսարձակի տակ առաւ հովուական, ծիսական-արարողական թէ վարչական պատասխանատուութեանց եւ պարտականութիւններու հոգեւոր դաստիարակչական բնագաւառները։
Նկատի ունենալով, որ 2012 տարին Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ հռչակուած է »Հայ Գիրքի Տարի«, Տէր Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փելիվանեան եւ Տէր Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան, որոնք ստանձնած էին Վեհափառ Հայրապետին “Taking the Church to the People” գիրքին ներկայացումը կատարել, ժողովին իրենց զեկուցումներն ու արժեւորումը կատարեցին։ Գիրքին ներկայացումը առիթ ընծայեց, որ Հոգեւոր Հովիւներ Վեհափառ Հայրապետի արծարծած բազմաբնոյթ հարցերու շուրջ խորհրդածեն ու վերարժեւորեն իրենց հոգեւոր առաքելութեան զանազան բնագաւառները՝ ծխական-կազմակերպչական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, սուրբ գրային սերտողութեանց, երիտասարդական ու հոգեւոր կազմաւորման դաշտերը, որպէսզի հոգեւոր ջանասիրութեամբ եւ աջալրջութեամբ հսկեն ու տէր կանգնին իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած բանաւոր հօտին, ու թոյլ չտան որ »գառնուկի մորթով գայլեր« յափշտակեն ու մոլորեցնեն հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալները։
Հոգեւորականաց համագումարը նաեւ անդրադարձաւ Բարեկենդանի ու Մեծ Պահոց շրջանի Արեւագալի եւ Հսկումի եկեղեցական արարողութիւններու ժամանակացոյցին, ինչպէս նաեւ ծխական եկեղեցիներէ ներս սարկաւագաց եւ ծառայողներու պատրաստութեան անհրաժեշտութեան ու դասընթացքի նիւթերու, դասաւանդողներու եւ դասացուցակի մասին։
Միօրեայ համագումարի աւարտին, եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր յորդորներէն ետք, հանդիպումը փակուեցաւ հաւաքական աղօթքով։