Դոկտ. Հայկ Տեմոյեանի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան


Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն՝ Դոկտ. Հայկ Տեմոյեանին։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան անցեալ տարի կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակութեան ձեռնարկներն ու «Երրորդ Հանրապետութեան վե՞րջը, ինչ կարելի է ակնկալել Հայաստանի ապագայի մասին» դասախօսական նիւթը, որ պատուարժան հիւրը պիտի ներկայացնէր Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2016-ին, Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ։

Հանդիպման աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում. Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Դոկտ. Հայկ Տեմոյեանին նուիրեց Ազգային Առաջնորդարանի գիրքերէն եւ անմոռուկի պատկերով թղթակալ՝ պատրաստուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, իսկ պատուարժան հիւրը Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց վերջերս հրատարակած «Հայկական Սպորտը» գիրքէն օրինակ մը, որուն գինեձօնը տեղի ունեցած էր Չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբերին, եւ յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան ներկայ գտնուեցաւ այդ ձեռնարկին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022