Տօնական օրերու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ Երեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն այցելեցին «Արարատ» Տուն եւ Ս. Յարութեան տօնին աւետիսը փոխանցեցին պատսպարեալ բնակիչներուն եւ անձնակազմի անդամներուն: Սրբազան Հայրը անձամբ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները, «Արարատ Տան» Հոգաբարձութեան անդամները, պաշտօնէութիւնը եւ հաստատութեան պատսպարեալները, եւ Ս. Յարութեան խորհուրդով վերանորոգուած բարեբեր օրեր մաղթեց բոլորին։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ անոնք մշտապէս կը վայելեն Աստուծոյ օրհնութիւնը այս հաստատութեան ընդմէջէն։
Առաջին հերթին, հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն. ապա շարականներու երգեցողութեամբ եւ աղօթքներու մատուցմամբ տնօրհնէք կատարուեցաւ. աւարտին, ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն: Հիւանդանոցի բաժնի վարիչ Մարկարիթա Քէշիշեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգեւոր հայրերուն։ Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ օրհնութեան խօսք ու բարեմաղթութիւններ փոխանցեց բոլորին։
Այնուհետեւ, հաստատութեան մատրան մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան: Երգեցողութիւնը կատարեցին հոգեւոր հայրերը: Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ յիշեց թէ «ինչպէս Քրիստոս բոլոր չարչարանքներուն առջեւ աննկուն կամք եւ տոկուն հաւատք ցուցաբերեց, նոյնպէս ալ այսօր մենք պէտք է բոլոր փորձութիւններուն եւ չարչարանքներուն դիմաց տոկանք, որպէսզի Քրիստոսի օրինակով եւ Յարութեան շունչով յաղթահարենք մեր բոլոր դժուարութիւնները»։ Ան ըսաւ, թէ «Յարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ միշտ ներկայութիւն եղած է, Հայ ժողովուրդը միշտ ալ հաւատացած է յարութեան գաղափարին եւ դարեր շարունակ այդ ոգիով է ապրած»։
Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը տարեցներու բնակարանային բաժինին մէջ կատարեց տնօրհնէքի արարողութիւն եւ աւետեց բոլորին. «Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց»։
Արարողութիւններէն ետք, «Արարատ» Տան հոգաբարձութիւնն ու անձնակազմը ճաշով հիւրընկալեցին Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը. ճաշին մասնակից էին հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մայքըլ Սիւրմէեան եւ անդամներ, հաստատութեան պատասխանատուներ, եւ բնակիչներ: Ստեղծուեցաւ տօնական օրուան յատուկ ոգեղէն մթնոլորտ: Կատարուեցաւ հաւկթախաղ։
Հաստատութեան պատասխանատուներէն Տիկին Ռիթա Նորաւեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր դասուն, որ տօնական օրերուն եւ այլապէս, հոգեւոր մատակարարութիւն եւ մխիթարութիւն կ’ընծայեն հաստատութեան պատսպարեալներուն եւ անձնակազմին. Առաջնորդ Սրբազանը, անգամ մը եւս գնահատանքով արտայայտուեցաւ հաստատութեան նուիրեալ ծառայողներուն եւ ուրախութեամբ բաժնուեցաւ «Արարատ» Տան ընտանեկան յարկէն։