Խաչվերացի տօնին եւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօներուն առիթով, Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2015-ին, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Տաճարիս մէջ, «Անդաստան» կատարուեցաւ ապա տեղի ունեցաւ մատաղի եւ ռեհանի օրհնութիւն: Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց եւ իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան:
Ս. Խորանին կը սպասարկէին եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ սարկաւագներ: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Սարգիս Պոյաճեանի եւ երգեհոնահար Տիկ. Գոհար Թորանեանի։ Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչը, շրջանի երեսփոխաններ, բարերարներ եւ գաղութիս մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներ:
Ս. Խաչի զօրութիւնը եւ Խաչեալին հանդէպ հայուն հաւատքը, դէմ դրած է դարերու յորձանքին եւ փոթորիկներու, որովհետեւ հայը հաւատացած եւ ապաւինած է Ս. Խաչին զօրութեան եւ անկէ ճառագայթող յարութեան յաղթանակին եւ յաւիտենական կեանքի խոստումին։ Նոյն այս հաւատքով հայը, Ս. Խաչի անունով մկրտած է մանուկներ եւ անուանած խաչի անուններով։ Սրբատեղիներ նուիրած, խաչքարեր քանդակած ու եկեղեցիներ կանգնած է Ս. Խաչի անունով։ Իսկ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին, եկեղեցական իր օրացոյցին մէջ, տարուան ընթացքին փրկարար Ս. Խաչին յիշատակը կը տօնախմբէ չորս առիթներով։ Արդարեւ, Ս. Խաչին ընծայուած չորս տօնախմբութիւններէն՝ տօն Գիւտ Ս. Խաչի, Երեւման եւ Վարագայ Ս.
buy amitriptyline online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/amitriptyline.html no prescription
Խաչի տօներէն մեծագոյնը Խաչվերացի տօնը, դարերով վայելած է մեծ ժողովրդականութիւն եւ հայը, եկեղեցական մեծահանդէս տօնախմբութիւններով, ուխտագնացութիւններով եւ մատաղօրհնութիւններով տօնած եւ պանծացուցած է Խաչվերացի յիշատակը ու դասած եկեղեցւոյ չորս Տաղաւարներու կարգին։
Տօնական այս հոգեւոր մթնոլորտին եւ Խաչվերացի տօնին առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը իր հոգեւոր պատգամին մէջ ուրախութիւն յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը մասնակից կը դառնայ Խաչվերացի պատմական յիշատակութեան, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ տաճարի անուանակոչութեան տօնախմբութեանց։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ աւելի քան ինիսուն տարիներ, այս եկեղեցին հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած է իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած հայ համայնքին։ Համայնք մը, որ սերտ յարակցութեամբ կապուած է այս եկեղեցւոյ եւ որուն անդամները, իրենց ծնողաց ու մեծ ծնողաց օրինակով կը շարունակեն հաւատարմօրէն ծառայել։
Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը, այս առթիւ յիշեցուց, որ Խաչվերացի այս տօնին, աւանդութիւն դարձած է, որ Ս. Խաչ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Թեմիս բոլոր Կիրակնօրեայ վարժարանները մեր աշակերտներուն առջեւ իրենց դռները բանան։ Սրբազան Հայրը աղօթք, գոհութիւն եւ օրհնութիւն վերառաքեց Աստուծոյ, որ Թեմիս կիրակնօրեայ վարժարաններուն աշակերտող մանուկներ եւ պատանիներ, ուսումնական բեղուն եւ Աստուածահաճոյ տարի մը բոլորեն։ Գնահատեց եւ քաջալերեց կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներն ու ուսուցիչները, որոնք հայ մանուկին եւ պատանիին կը փոխանցեն հոգեւոր արժէքներ եւ քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբեն։
Շարունակելով իր հոգեւոր պատգամը, Առաջնորդը Ս. Խաչին նուիրուած փառաբանանք վերառաքեց Աստուծոյ, որովհետեւ Խաչվերացի տօնը Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօներէն մեծագոյնը ըլլալով, ի տես հաւատացեալ ժողովրդեան՝ Քրիստոսի Ս. Խաչին պանծացումն ու փառաբանութիւնն է։ Աղբիւր՝ հոգեւոր ներշնչման, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյ օրինակով, Խաչին ու Խաչեցեալին փրկարար զօրութեամբ սպառազինուելու. Աւետարանին բառերով, որ կ՛ըսէ. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ» (ՅՀ 3:16)։ Որպէսզի մենք եւս Քրիստոսի սիրով եւ զոհաբերութեան հաւատքի ոգիով մեր կեանքերը նուիրենք եկեղեցւոյ ու մեր հայու ինքնութեան անեղծ պահպանման։ Որովհետեւ Խաչվերացի տօնը, Խաչին պանծացումն ու փառաբանութիւնը ըլլալով հանդերձ, անոր գերեդարձի պատմական յիշատակութեան նշումն է։ Արդարեւ, եօթներորդ դարուն, Պարսկական եւ Բիւզանդական մրցակից կայսրութիւններ, աշխարհակալական ախորժակներով հակադրուած իրարու՝ հողային ասպատակումներով տարածքներ ու երկիրներ կը գրաւէին։ Այդ ասպատակումներուն զոհ դարձաւ նաեւ Երուսաղէմը, երբ պարսիկներ ներխուժեցին եւ գրաւեցին սուրբ քաղաքը։ Գերի տարուածներու, սրբազան իրերու եւ անօթներու կարգին էր հայոց Պատրիարք Զաքարիան, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի Խաչափայտը, որոնք Պարսկաստան գերեվարուեցան։ Երկար տարիներու հակամարտութիւններէ ետք, Բիւզանդիոնի Հերակլ կայսեր բանակը, որուն նաեւ հայեր կ՛օժանդակէին, կրցաւ Քրիստոսի խաչափայտը ազատագրել պարսիկներէն։ Ազատագրուած խաչափայտը, Հերակլ կայսրը, յաղթական թափօր կազմած եւ Խաչը վերամբարձ, Կոստանդնուպոլիսէն Երուսաղէմ ճանապարհորդութեան ընթացքին, անցաւ հայոց երկիր Հայաստանէն, հոգեկան խանդաղատանք եւ հպարտութիւն առթելով հայ ժողովուրդին, որուն ազատագրութեան համար թափած էր նաեւ իր արիւնը։
Սիրելի հաւատացեալներ, ըսաւ Սրբազանը, այնպէս ինչպէս եօթերորդ դարուն, Ս. Խաչի ազատագրման համար տարուած պայքարին, անկէ առաջ ու անոր յաջորդող դարերուն, հայ ժողովուրդը Ս. Խաչի փրկարար խորհուրդին մէջ մարմնացած տեսաւ Ս. Խաչի զօրութիւնը, մեղքին ու չարին դէմ տարած յաղթութիւնը։ Խաչին այդ զօրութիւնը, դարեր շարունակ, մեզ որպէս անհատ, ընտանիք, հաւաքականութիւն թէ ազգ, ներշնչեց, զօրացուց եւ անպարտելի դարձուց։ Մեր նախնիք, Խաչին վերադարձը, հաւատքի խանդավառութեամբ դիմաւորելէ անդին՝ Խաչին նայեցան յոյսով եւ հաւատքի աչքերով, որովհետեւ անոր մէջ տեսան կեանքի իմաստաւոր խորհուրդը, որպէս կենսատու հաւատքի վահան եւ անպարտելի զէնք՝ չարը զգետնելու եւ Աստուծոյ արդարութիւնը, իմաստութիւնը, սէրը, զօրութիւնը եւ խաղաղութիւնը հաստատելու։
Արդարեւ, ըսաւ պատարագիչ Սրբազանը, Խաչի ճամբան մեր ժողովուրդին համար այնքան ալ հեշտ չեղաւ։ Պատմութեան ընթացքին շատ տառապեցանք, շատ կորուստներ ունեցանք, ըլլան անոնք մարդկային, հողային թէ այլ։ Այդ բոլորը մենք հաւատքի քաջութեամբ, հաւատարմութեամբ տարինք այն յոյսով եւ համոզումով, որ Քրիստոսի հաւատալով միայն եւ Ս. Խաչին ապաւինելով է, որ չարի պայքարին մէջ յաղթական դուրս պիտի գանք, մեղքերու քաւութիւն ստանանք եւ երկնային երանական կեանքի արքայութեան արժանանանքե։
Մեր նախնիք, մեզի աւանդ ու ժառանգ թողուցին Առաքելական մեր հաւատքը, քրիստոնէական սէրը, նուիրումի եւ զոհողութեան հոգին, հետեւաբար, ըսաւ Սրբազանը, պարտաւոր ենք տէր կանգնիլ, շարունակել հաստատ ու անվթար պահել անոնց աւանդը, ազգային մեր ինքնութիւնը եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։ Ինչ ալ ըլլան կեանքի պայմաններն ու դժուարութիւնները, մարտահրաւէրներն ու արգելքները, պարտաւոր ենք մեր նախնեաց հաւատքի հետքերով ընթանալ, մեր աչքերը միշտ սեւեռած պահել Ս. Խաչին՝ աղբիւրը մեր զօրութեան, օգնութեան եւ ներշնչման։ Հետեւաբար, եկէ՛ք սիրելի հաւատացեալներ, ըսաւ Սրբազան Առաջնորդը, ուխտենք եւ մեր անձերը ընծայաբերենք, ծառայելու Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան ու մեր ազգի յառաջդիմութեան եւ պայծառութեան։ Աղօթենք, որ Ս. Խաչին կենարար լոյսը եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութիւնը, մեր իւրաքանչիւրին՝ անհատական թէ հաւաքական կեանքերուն մէջ բնակին։ Եկէ՛ք, մշտապէս պանծացնենք, փառաւորենք ու մեծարենք կենսատու զօրութիւնը Քրիստոսի Ս. Խաչափայտինե։
Պատարագի աւարտին, առընթերակայութեամբ հոգեւոր հայրերուն եւ սարկաւագներուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Խաչի տօնին Անդաստանի արարողութիւնը եւ օրհնեց երկրի չորս կողմերը, մեր հայրենիքն ու հայրապետութիւնը, հայոց հանրապետութիւնը, վանքերն ու դպրատուները, հայոց դաշտերն ու այգիները, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը, ապա կատարեց ռեհանի օրհնութիւնը։
Արարողութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ «Բաղրամեան« սրահ, ուր հաւատացեալներու խուռներամ ներկայութեամբ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը ու բաշխումը։ Ապա տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, կազմակերպութեամբ Ս. Խաչ Մայր տաճարի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։ Սեղաններու օրհնութենէն ետք, ողջոյնի խօսք արտասանեցին հոգաբարձութեան անդամ Տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան եւ Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան, շնորհաւորական, քաջալերանքի եւ գնահատանքի խօսքը ուղղեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչին, Հովիւին, հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, եւ ներկայ հաւատացեալներուն, մաղթելով Մոնթեպելլոյի գաղութին բարգաւաճ եւ բեղուն կեանք։ Ներկաները, Խաչվերացի այս Տօնին, զօրացած եւ օրուան խորհուրդով վերանորոգուած մեկնեցան։
Հանդիսաւոր արարողութիւնները վերջ գտան «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգով։
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ Կիրակի, 13 Սեպտեմբերին, առաւօտեան, Կլենտէյլի Civic Center Auditorium-ի մէջ, Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100 ամեակին առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան պատարագեց, ռեհանի օրհնութիւն կատարեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց այս առիթով:
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժամանելով Կլենտէյլի Civic Center, դիմաւորուեցաւ Մուսա Լերան լանջերէն հնչող դհոլ զուռնայի նուագով ու հարիւրաւոր հայորդիներով։ Սրբազանը իր օրհնութիւնները փոխանցեց բոլորին, գնահատեց անոնց աւանդապահ ոգին եւ հայրենաւանդ մատաղի պատրաստութեան իրենց ճշդապահութիւնը եւ հաւատարմութիւնը մեր պապերու հաւատքին ու Խաչի զօրութեան: Առաջնորդ Սրբազանը, Հայր Սուրբը եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիքեան կատարեցին մատաղի օրհնութիւնը, աղօթքի միջոցաւ Աստուածային շնորհքով զայն ճաշակողներուն օրհնութիւն եւ բժշկութիւն խնդրելով:
Մատաղօրհնէքի աւարտին, Մուսա Լերան քայլերգի երգեցողութեամբ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եւ շարունակուեցան աւանդական նուագներն ու շուրջպարերը: