Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Կիրակի, 29 Յունուարին, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով ու տօնական ճաշկերոյթով տօնակատարեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 111-րդ տարեդարձը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պատարագեց եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը փոխանցեց։ Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեանն ու սարկաւագներ։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը նախ եւ առաջ գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ընծայած է եկեղեցւոյ 111րդ տարեդարձը միասնաբար յիշատակելու այս առիթը։ Ան յիշեցուց, որ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Թեմիս շնորհած իր հովուապետական այցելութեան Ֆրեզնոյի հանգրուանին, այցելած էր այս եկեղեցին ու անոր կողքին գործող Կիրակնօրեայ դպրոցը, ինչ որ ցուցանիշ է, թէ Վեհափառ Հայրապետը ինչպիսի կարեւորութիւն կþընծայէ մանուկներուն ու մատղաշ սերունդին. ան յանձնարարեց հետեւիլ այս ընթացքին ու գուրգուրոտ հոգածութիւն ցուցաբերել մեր մանուկներուն ու պատանիներուն առողջ դաստիարակութեան, անոնց մէջ խորացնելով հաւատքը, մարդկային արժէքներու եւ ազգային աւանդներու հանդէպ սէրն ու յարգանքը, որովհետեւ այսօրուան մանուկն ու պատանին վաղը պիտի ըլլան մեր ազգի ու համայնքի առաջնորդները. անոնց առողջ կազմաւորումը պիտի երաշխաւորէ վաղուան կարող ղեկավարները։
Նկատի ունենալով, որ հաւատացեալ ժողովուրդը կը գտնուի Առաջաւորաց Պահքի ծոմապահութեան եւ Ս. Սարգիսի տօնին նախօրեակին, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ պահեցողութեան իմաստին ու կարեւորութեան վրայ, շեշտը դնելով աղօթքի վրայ եւ թէ՝ այս պահքը իւրայատուկ է Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ։
Առաջնորդ Սրբազանը այնուհետեւ վեր առաւ Աւետարանի օրուան հատուածին դրուագը, որ փոթորկոտ ծովուն վրայ նաւարկող իր աշակերտներուն օգնութեան հասնելու Քրիստոսի հրաշքին մասին էր։ »Կեանքի ընթացքին, բոլորս ալ կը հանդիպինք տարբեր տեսակի փոթորիկներու. զանոնք պէտք է դիմագրաւենք քաջաբար, մանաւանդ Աստուծոյ ապաւինելով ու մեր աչքերը Անոր յառելով, ինչպէս ըրին սարսափի մատնուած աշակերտները, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։ Փոթորիկները պէտք չէ սարսափեցնեն ու ընկճեն մեզ, այլ պէտք է վստահինք Աստուծոյ, ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն.- »Մի վախնաք, ես եմ«։ Աստուած գիտէ մեր դիմագրաւած կացութիւնները, վստահինք Անոր ու փոթորիկները պիտի խաղաղին ի վերջոյ«։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց ծխական համայնքին, եկեղեցւոյ 111րդ տարեդարձին առիթով, օրհնելով ու դրուատելով յատկապէս եկեղեցւոյ ծառայողները, եւ կոչ ուղղելով, որ բոլորը մասնակից ըլլան եկեղեցւոյ կեանքին ու իրագործումներուն։
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 111-րդ տարեդարձին նուիրուած ճաշկերոյթը։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Պիլ Սաաթճեան, եկեղեցւոյ մարմիններու անդամներ եւ մօտաւորապէս 200 հանդիսականներ։ Հանդիսավարն էր Տիկին Սաթօ Սանիքեան, որ ամերիկեան ու հայկական քայլերգներէն ետք, առաջին հրթին հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը։
Տարեկան այս ձեռնարկը առիթ է գնահատանքի արժանացնելու եկեղեցւոյ բազմամեայ ծառայողները։ Այս տարի, գնահատանքի արժանացան Տեարք Լեւոն Պալաճանեան, Տէյվիտ Սրապեան եւ Փէթի Թորոսեան. անոնց շնորհուեցաւ »Տարեկան Ծառայութեան Պարգեւ«ը։ Իսկ Քրիսթա Փառնաքեան արժանացաւ »Երիտասարդ Առաջնորդի Պարգեւ«ին։
Սրտի խօսք արտասանեց Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Պիլ Սաաթճեան։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ արտասնելու իր օրհնութեան խօսքը։
Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ եկեղեցւոյ ծառայութեան արժէքին վրայ, նշելով, որ իբրեւ քրիստոնեաներ՝ բոլորս հրաւիրուած ենք մեր ծառայութիւնները մատուցելու եկեղեցւոյ, հետեւելով մեր Տիրոջ օրինակին։ »Իբրեւ հետեւորդները մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի, մեզմէ իւրաքանչիւրը հրաւիրուած է ծառայելու Աստուծոյ ու եկեղեցւոյ, որուն միջոցով կը պահպանուին մեր հաւատքն ու ժառանգութիւնը։ Մեր ծառայութեամբ՝ մենք կը փառաբանենք զԱստուած, կը կերտենք մեր եկեղեցին ու հաւաքական կեանքը«, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ նաեւ բարձր գնահատեց պարգեւատրուող նուիրեալները, մաղթելով, որ անոնք դառնան բոլորին օրինակ, անոնց քայլերուն հետեւելով՝ ուրիշներ եւս ներդրում ունենան եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց հոգեւոր հովիւին, երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան, բարերարներուն ու բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք աննահանջ ու անվհատ կը շարունակեն գործել ի խնդիր եկեղեցւոյ ու ծխական համայնքին յառաջդիմութեան։ Ան օրհնեց յիշատակը բոլոր այն ծառայողներուն, որոնք արդէն անցած են եկեղեցւոյ պատմութեան ու իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. »Այսօր, երբ կը տօնակատարենք եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 111րդ տարեդարձը, վերանորոգենք ու ամրապնդենք Աստուծոյ ու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծառայութեան ու նուիրուելու մեր ուխտը, նաեւ պահպանենք ու նոր սերունդներուն փոխացնենք մեր ազգային ժառանգութիւններն ու մեր հաւատքը«։
Յայտնեննք, որ յայտագիրին ընթացքին, Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները երգեցին քանի մը շարականներ, իսկ եկեղեցւոյ կողքին գործող երեք միաւորները ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցին իրենց տարեկան գործունէութեան պատկերը, արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին։ Եկեղեցւոյ յարկին տակ տարուած աշխատանքներուն մասին նաեւ ներկայացուեցաւ տեսաերիզ մը։
Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ »Կիլիկիա« խմբերգով։
Նշենք, որ Շաբաթ, 28 Յունուարի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիպում մը ունեցած էր եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան եւ երեսփոխաններու հետ, խորհրդակցելով եկեղեցին յուզող ընդհանրական հարցերու եւ աշխատանքներու մասին։