Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ 40-ամեակին Առիթով

Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 40-րդ տարեդարձը։

Եկեղեցւոյ 40-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի ու հոգաբարձութեան, պատուոյ նախագահութեամբ եկեղեցւոյ օծման կնքահայր Տիար Վահէ Կարապետեանի եւ հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Նաւասարդ եւ Մարալ Գազազեանի։

Այս պատմական տարեդարձին առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակի, 6 Մայիսին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022