Զմիւռնիոյ Աղէտին Նուիրուած Դասախօսական Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Ճափոնի եւ Յունաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեանց, Ուրբաթ, 15 Փետրուարի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Ս. Սոֆիա Յոյն Ուղղափառ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, նուիրուած 1922 թուականին, Զմիւռնիոյ աղէտին ճափոնական նաւու մը կողմէ աղէտեալներու փրկութեան յիշատակին։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։

Խօսք առին Ճափոնի եւ Յունաստանի գլխաւոր հիւպատոսները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Տիար Վարազդատ Պահլաւունի։ Անոնք լուսարձակի տակ բերին Թուրքիոյ սուլթանական, իթթիհատական եւ քեմալական տարիներուն տեղի ունեցած հալածանքներն ու ջարդերը, ցեղասպանական արարքները, որոնց զոհ դարձած են հայեր, յոյներ, հրեաներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ։ Դասախօսեց Թոքիոյի Համալսարանի Փրոֆ. Դոկտ. Նանաքօ Մուրաթա Սաուաեանակի, որ կեդրոնացաւ յիշեալ նաւուն առաքելութեան վրայ, նշելով, որ ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին, ի յայտ բերելու համար որոշ ծալքեր ու մանրամասնութիւններ։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի պահ մը, ապա՝ հիւրասիրութիւն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022