Վերջին Օծման Եւ Թաղման Կարգ Տ. Հրանդ Քհնյ. Սրապեանի

Երկուշաբթի, 31 Յունուար 2022-ի առաւօտուն, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տ. Հրանդ Քհնյ. Սրապեանի վերջին օծումն ու թաղման կարգը։

Յանուն Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Տէր Հօր վերջին օծման ու թաղման արարողութեան նախագահեց Գերշ. Տ· Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան, որ 1980 թուականին իբրեւ օրուան Առաջնորդ քահանայական աստիճան շնորհած էր վախճանեալ Տէր Հօր։ Ս. Պատարագը մատոյց Ս· Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան։ Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ծուխի նախկին հովիւ՝ Արժ. Տ. Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան։

Յընթացս Ս· Պատարագին, յանուն Առաջնորդ Սրբազան հօր, ապա անձնապէս ցաւակցական խօսք արտասանեցին Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս· Արք· Թապագեան եւ Թեմի Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ· Ազնիկեան։

Վախճանեալ Տէր Հօր մարմինը հանգչեցաւ Արարատ Մասիս գերեզմանատան մէջ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022