Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Քրիստոնեայ աշխարհին համար, Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնէն 40 օրեր ետք նշուող Համբարձման տօնը կþիմաստաւորուի բազմաթիւ խորհուրդներով ու կը յիշատակուի յատուկ արարողութեամբ ու տօնախմբութիւններով։ Իսկ հայերուս համար, այս տօնին կապուած են ազգային տոհմիկ աւանդութիւններ, որոնք միաձուլուած են այս տօնին կապուած արարողութիւններուն։

Հինգշաբթի, 17 Մայիսին, Համբարձման տօնը մեր Թեմին մէջ նշուեցաւ եկեղեցական արարողութեամբ ու աւանդական տօնակատարութեամբ։ Կէսօրէ առաջ, Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Պատարագեց եւ քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։ Ս. Պատարագին ու յաջորդած ճաշի անդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան։

Իր քարոզին մէջ, Տ. Ռազմիկ Քահանայ անդրադարձաւ Աւետարանի այն բաժիններուն, ուր նկարագրուած է Քրիստոսի համբարձումն ու Հօր աջ կողմը նստիլը։ Ան նշեց, որ հրաշափառ Ս. Յարութենէն ետք, Յիսուս բազմաթիւ անգամներ երեւցաւ իր աշակերտներուն ու անոնց պատգամեց ըլլալ իր բարի լուրին տարածիչները։ Վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ձիթենեաց լերան վրայ, համբարձման օր, երբ Ան վերջին անգամ ըլլալով պատուիրեց իր աշակերտներուն, ըսելով, որ ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ Իրեն, երկինքի եւ երկրի վրայ, ինչպէս Երկնաւոր Հայրը զինք ղրկեց, այնպէս ալ Ինք աշակերտները կը ղրկէ, որպէսզի երթան ու աշխարհի մարդկութեան քարոզեն Աւետարանը։ Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի, իսկ ով որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի. Ան նաեւ խոստացաւ առաքեալներուն ու իրեն հաւատացողներուն հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհի վախճանը։ Տէր Հայրը աւելցուց, որ Քրիստոս նաեւ խոստացաւ իր աշակերտներուն՝ Ս. Հոգիով հարստացնել ու թելադրեց իրենց առաքելութեան սկսիլ Ս. Հոգին ստանալէ ետք միայն։

Խօսելով վիճակաձգութեան աւանդութեան մասին, քարոզիչ Տէր Հայրը յիշատակեց ժողովրդային աւանդութիւնները, սակայն նաեւ յիշեցուց, որ Յիսուսի աշակերտները վիճակաձգութեամբ ընտրեցին Յուդան փոխարինող Մատաթիա առաքեալը։ Ան կարեւորութեամբ վեր առաւ քրիստոնեայի կեանքին մէջ Քրիստոսի պատգամներու կենսագործման կարեւորութիւնը եւ ըսաւ. » Յիսուս աշխարհ եկաւ, համբարձաւ, որպէսզի ամբողջ մարդկութիւնը փրկուի եւ ոչ թէ դատապարտուի. այս է Աւետարանի մեծագոյն բարի լուրը մարդուն. մեզի կը մնայ հաւատալ լոյսի ճշմարտութեան, համբերութեամբ գործել եւ հոգեւոր ջանասիրութեամբ մեր անձերը մաքուր պահել երկնաւոր կեանքին արժանանալու համար. ասոնք են որ մարդը կը բարձրացնեն աստուածային պատկերին եւ կþանմահացնեն Քրիստոսի գործերը։ Եկէք, ուրեմն, որպէս ճշմարիտ հետեւորդները մեր Փրկչին, անոր ոտքերուն առջեւ ծունկի գանք, բարձրանանք միշտ դէպի վեր մեր ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ բարօրութեան համար մեզի յանձնուած պարտականութիւնները սիրով ընենք, ինչպէս որ ըրին առաքեալները«։

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Պատարագէն վերջ, ժամը 11։30-ին, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի »Brandview« ճաշասրահին մէջ, կազմակերպուած՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ։ Ձեռնարկը կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Հիւրընկալներն էին Տիկնայք Նորա Պզտիկեան, Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան, Մարօ Ֆերմանեան եւ Միռնա Քաջարեան։

Հանդիսավարն էր Տիկին Հուրիկ Ապտուլեան։ Համբարձման տօնին մասին խօսք առաւ բարեշնորհ Խաչիկ Սարկաւագ Շաննագեան, որ կը պատրաստուի քահանայական ծառայութեան. անոր ձեռնադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ մօտաւորապէս ամիս մը ետք։ Խաչիկ Սարկաւագ իր խօսքի առաջին բաժինով անդրադարձաւ Քրիստոսի Ս. Յարութեան ու ապա՝ երկինք համբարձման նշանակութեանց ու իմաստին, վեր առնելով մարդուն ու քրիստոնեային կեանքին մէջ անոնց ազդեցութիւնն ու կարեւորութիւնը։ Իսկ խօսքին երկորդ բաժինով, ան անդադարձաւ Համբարձման տօնին կապուած մեր ազգային աւանդութեանց ու ժողովրդային հաւատալիքներուն, աւանդապատումներուն, ապա նաեւ մեր մշակոյթին մէջ անոնց ունեցած դերին։

Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակից էր սիրուած երիտասարդ երգիչ Գագիկ Պատալեան։

Կատարուեցաւ աւանդական վիճակաձգութիւն եւ խմբային երգեցողութիւն։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Համբարձման տօնի խորհուրդին, բարձր գնահատեց մեր քրիստոնէական ու ազգային աւանդներուն պահպանման ծառայող այս ու նմանօրինակ հանդիսութեանց կազմակերպումը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ, ու դրուատեց այս ձեռնարկին յաջողութեան համար Մարմինի անդամներուն ի գործ դրած ճիգերը։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ շնորհակալութեան ու գնահատանքի յատուկ խօսք ուղղեց ձեռնարկը հովանաւորող չորս տիկիններուն, նշելով, որ անոնց այս քայլը գործնական ապացոյց է Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան անոնց մասնակցութեան ու զօրակցութեան։ Վերջապէս, ան դրուատիքով անդրադարձաւ Խաչիկ Սարկաւագի պատրաստած խօսքին մասին։

Խանդավառ մթնոլորտէն քաջալերուած, ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022