Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2019-ին, Խաչվերացի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագի մատուցումով, «Անդաստան»ի արարողութեան կատարումով եւ ռեհանի օրհնութեամբ։ Այս առիթով, համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ քարոզեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Նշենք, որ Վերացման Ս. Խաչի տօնին մեր Թեմէն ներս գործող բոլոր Կիրակնօրեայ դպրոցները կը վերաբացուին։ Հետեւաբար, Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնները, ուսուցիչները եւ աշակերտները ներկայ գտնուեցան տեղական եկեղեցիներու մէջ մատուցուող Ս. Պատարագին եւ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։
Ս. Սեղանին սպասարկեցին հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ սարկաւագներ։ Արարողութեան մասնակցեցաւ հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց «Անդաստան»ի արարողութիւնն ու ռեհանի օրհնութիւնը, որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց։
Ան նախ փառք ու գոհունակութիւն յայտնեց առ բարձրեալն Աստուած, որ անգամ մը եւս համախմբած է բոլորը նշելու Ս. Խաչի վերացման տօնը, խաչի խորհուրդով լիցքաւորուելու, խաչի զօրութեամբ ամրապնդուելու, խաչին ապաւինելով մեր հաւատքը վերանորոգելու եւ մեր կեանքը առաջնորդելու հաւատքով, յոյսով, բարութեամբ, զոհողութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ սիրով։ «Ամէն անգամ երբ կը խաչակնքենք եւ խաչը կը բարձրացնենք ու զԱստուած կը փառաւորենք, անոր մէջ կը տեսնենք զօրութիւն, հաւատք, յոյս, խաղաղութիւն, զոհողութիւն, հաւատարմութիւն, հնազանդութիւն եւ սէր։ Փա՜ռք Ս. Խաչին եւ Խաչեալին, որ Աստուծոյ սիրոյն իբրեւ գերագոյն արտայայտութիւն այս աշխարհ եկաւ եւ Իր անարատ արիւնը թափեց խաչին վրայ՝ մեզ փրկելու եւ ազատագրելու մեղքի տիղմէն, որպէսզի երբ խաչին նայինք ու հաւատանք, երբ խաչը կրենք եւ հետեւինք Քրիստոսի որպէս Իր աշակերտները, մենք ալ պիտի փրկուինք», շեշտադրեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Այնուհետեւ, ուրախութեամբ ողջունեց ծխական ընտանիքը, մասնաւորաբար Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութիւնը, ուսուցչաց կազմն ու աշակերտութիւնը, որոնք նոր տարին կը սկսին խաչի խորհուրդով գօտեպնդուած։ Ապա ներկայացուց խաչի վերացման ու գերութենէն վերադարձի խորհուրդը։ Ան դիտել տուաւ, որ մենք դարեր շարունակ այս տօնը կը նշենք, որովհետեւ խաչը եկեղեցւոյ հիմքն է եւ բոլոր հաւատացեալներու յոյսը. խա՛չն է որ վերականգնեց մեզ մահէն դէպի յաւիտենական կեանք։ «Այս տօնը առիթ է վերանորոգուելու եւ մեր կեանքը ապրելու խաչի՛ ճանապարհով, սիրոյ եւ զոհողութեան կեանքով։ Այս տօնը առիթ է դառնալու խաչին՝ յուսահատութեան ժամանակ խաղաղութիւն եւ ապաստան գտնելու, փոթորիկներու մէջ զօրանալու եւ պաշտպանուելու, մեղքի կապանքներէն ազատագրուելու, մեր հոգեւոր քաղցն ու պապակը յագեցնելու եւ իբրեւ վահան ամրութեան՝ մեր հաւատքի ու ազգի բոլոր թշնամիներէն պաշտպանուելու։ Աւելի՛ն. խաչի պատգամը մեզ կը հրաւիրէ ընդօրինակելու Քրիստոսի հաւատարմութիւնն ու հնազանդութիւնը Հօր Աստուծոյ հանդէպ, հաւատքով եւ սիրով նուիրուելու մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին, մեր նմաններուն համար զոհաբերուելու եւ մեր տուներն ու ընտանիքները Աստուծոյ խորանի վերածելու», ընդգծեց ան։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով ուղղուեցաւ «Բաղրամեան» սրահ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Ապա, տեղի ունեցաւ հաւաքական սիրոյ ճաշ, հիւրընկալութեամբ Տաճարի Տիկնանց Միութեան։ Հայր Միւռոնը ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց, որմէ ետք Մայր տաճարի երիտասարդաց խումբի անդամները խաչին նուիրուած յայտագիր մը ներկայացուցին։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց ծխական մեծ ընտանիքը Մայր Տաճարի անուանակոչութեան առթիւ եւ կոչ ուղղեց բոլորին Ս. Խաչի զօրութեամբ զսպանակուած շարունակելու իրենց առաքելութիւնը եկեղեցւոյ ծառայական կեանքին մէջ։