Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման հրաշափառ տօնը այս տարի եւս հաւատացեալները համախմբեց Տիրոջ ներկայութեան կենալու եւ իրենց անձերը ընծայելու որպէս մանուկներ: Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Մանուկ Յիսուսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման տօնը եւ կատարուեցաւ աւանդական հրավառութիւն:
Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ արարողութեան, որուն մասնակից էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան եւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան ինչպէս նաեւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան: Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողքին, ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան: Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներն ու սկաուտական կազմերու խմբապետները մասնակից եղան օրուան տօնախմբութեան:
Երեկոյեան ժամերգութեան հետեւեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը: Քրիստոսի Տաճար ընծայման ու Անոր մեր Փրկիչը ըլլալու Սիմէօն ծերունիին վկայութեամբ լի հոգեպարար շարականներու երգեցողութեան պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրի ընթացքին օրհնեց ներկայ երեխաներն ու ծնողները, զանոնք պատրաստելով օրհնաբեր ընծայման պահուան:
Աւանդական Անդաստանի արարողութեամբ, օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը: Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն փոխանցեց իր հայրական պատգամը, Տեառնընդառաջի խորհուրդով համակելով ժողովուրդի զաւակները: “Այսօր, մենք եւս, Սիմէօն ծերունիին հետ միասնաբար կ՚ըսենք. Տէր դուն որ իբրեւ լոյս եւ կեանք ծագեցար մեր էութեան մէջ, փառք կու տանք Քու գալստեանդ: Այնպէս՝ ինչպէս Սիմէօն հաւատքով գրկեց Յիսուս մանուկը, մենք եւս պէտք է մեր սրտերուն մէջ հաւատքով ընդգրկենք զՔրիստոս: Տեառնընդառաջը կոչ մըն է նորոգելու Լոյսի մեր ուխտը, մնալու Անոր մէջ եւ տարածելու զայն մեր վառած լապտերներուն միջոցաւ”:
Քարոզի աւարտին, “Քրիստոս Փառաց” տաղի երգեցողութեան պահուն, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ Ս. Խորանէն բերուած Քրիստոս Լոյսը խորհրդանշող մոմէն, հաւատացեալները իրենց մոմերն ու կանթեղները վառելով, Քրիստոսի լոյսը տարին իրենց տուները, որպէս աւետիսը Քրիստոսի տաճար ընծայման:
Մինչ այդ, ծնողներ իրենց երեխաները յանձնեցին քահանայ հայրերուն, որոնք Քրիստոսի տաճար ընծայման խորհուրդով, մանուկները Ս. Խորանին դիմաց խոնարհեցնելով Տիրոջ ընծայեցին ու օրհնութիւններով լի յանձնեցին իրենց ծնողներուն:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով եւ Տեառնընդառաջի յատուկ շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի շրջափակ, ուր հաւատացեալներու խուռն բազմութեան ներկայութեան կատարուեցաւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւնը, հայրենասիրական երգերու ջերմ մթնոլորտի մէջ: Ազգային-կրօնական արարողութիւնը եւ աւանդական հրավառութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայաստանի քայլերգին, Հայրապետական մաղթերգին, ինչպէս նաեւ “Կիլիկիա” մաղթերգի երգեցողութեամբ:
ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ Տարիներու սովորութեան համաձայն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական խումբին հետ խմբանկարէ մը ետք, Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւորականները, Ազգ. Վարչութեան ատենապետը, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը եւ անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանային վարչութեան ատենապետը եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ արարողութեան մասնակից սկաուտական կազմը հիւրասիրուեցան “Արմէնակ Տէր Պետրոսեան” սրահին մէջ, մտերմիկ տարեկան հանդիպում մը ունենալով Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, ներկաները ջերմ մթնոլորտ մը վայելեցին սիրոյ սեղանի շուրջ: Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան ներկայացուց հոգեւորականաց դասը, ատենապետներն ու ներկայ պատասխանատու անձնաւորութիւնները, որմէ ետք սկաուտներ ներկայացուցին իրենց սեղանի իւրաքանչիւր անդամ, աւելի մօտէն ծանօթացնելու սկաուտական կազմը:
Ընթրիքի ընթացքին, խօսք առին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողմէ՝ Տիար Արտաշէս Ղազարեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սկաուտական կազմին ներկայութեան կարեւորութեան, գնահատելով անոր կազմակերպուածութիւնն ու ճշդապահութիւնը: Սրբազանը մաղթեց, որ ամէն տարի աճի ու բազմանայ սկաուտական կազմին թիւը, ու այս առիթով յայտնեց, թէ “Ս. Մեսրոպ” սկաուտական շքանշանի տուչութեան նոր դասընթացքի գրքոյկներ պիտի հրատարակուին, որպէսզի սկաուտները աւելի ծանօթանան եկեղեցւոյ օրէնքներուն ու սովորութիւններուն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հարիւրամեակի առիթով տպուած յուշանուէրներ բաժնեց սկաուտներուն եւ բոլոր ներկաներուն: Մտերմիկ երեկոն իր աւարտին հասաւ “Պահպանիչ” աղօթքով ու “Յառաջ Նահատակ” քայլերգով: