Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2016ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ ծխական համայնքի ներկայացուցիչներու այցելութիւնը: Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, Ազգ. Երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան եւ ՀՕՄի «Սեւան» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան առիթով:
Շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթութեան արտայայտութիւններ ունեցան Տէր Հայրը, յանուն հոգաբարձութեան՝ ատենապետը՝ Տիար Մանօ Տիշոյեան ու երեսփոխանական կազմի ներկայացուցիչ Տիար Հրայր Ճերմակեան: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքի այցելութեան եւ բարեմաղթութեանց համար։ Փոխադարձ խորհրդակցութեան ընթացքին, շեշտուեցաւ աւելի աշխոյժ կերպով եւ գործակցական ոգիով լծուելու գաղութի հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը միաժամանակ գնահատեց ծխական այս շրջանին մէջ տարուած նորագոյն աշխատանքները, մաղթելով, որ անոնք նպաստեն եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին միջեւ աւելի մերձեցումի:
Հանդիպումի աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: