Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015ի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի “Անի” Պարախումբի միաւորին ներկայացուցիչները՝ պարուսոյցներ Տիար Եղիա Հաշօլեան, Տիկին Սիւզի Դարբինեան-Բարսեղեան, միաւորի վաչութեան անդամներ՝ Տիկնայք Նուարդ Չալեան եւ Սեդա Գոնիալեան-Ֆրունճեան:
“Անի”ի ներկայացուցիչները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին շնորհակալութիւն յայտնելու Առաջնորդ Սրբազանին, որ ներկայ եղած էր պարախումբի 40-ամեակի ելոյթին, ինչպէս նաեւ խնդրամատոյց եղած էր Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որպէսզի շքանշանով պատուէ երկու արուեստագէտները: Անոնք Առաջնորդ Սրբազանէն խնդրեցին իրենց երախտագիտութիւնը փոխանցել Վեհափառ Հայրապետին:
Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով անգամ մը եւս գնահատեց “Անի” պարախումբը, պարուսոյցներն ու անոնց նուիրեալ գործակիցները, նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ. 124ամեակի տօնակատարութեան օրը պարախումբին ներկայացուցած “Սարդարապատ” պարային պատկերին մասին, մաղթելով նորանոր նուաճումներ:
Հիւր ներկայացուցիչները յուշանուէր (plaque) մը բերած էին Առաջնորդ Սրբազանին, անոր զօրակցութեան համար իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն: