Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օր Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ


Ուրբաթ, 7 Մարտին, Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրը նշուեցաւ, կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի եւ շրջակայ հայ եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց ։

Այս տարի, արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի համալիրին մէջ, հիւրընկալութեամբ Մայր Տաճարի Տիկնանց Միութեան։ Այս տարուան բնաբանն էր՝ «Գետակներ անապատին մէջ»։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ արարողութեան եւ փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանային Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Ներկայ էին նաեւ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներէն հոգեւոր հայրեր։

Բացման աղօթք եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, որուն յաջորդեց աղօթքներու, շարականներու, Աւետարանի հատուածներու ընթերցումներու, պատգամներու եւ խորհրդակցութեանց հոգելից յայտագիր մը։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, աղօթքի ու պաշտամունքի հաւաքին համար։ Անդրադառնալով օրուան թեմային՝ Յիսուս Քրիստոս որպէս «Կենարար Ջուր», Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ այնպէս ինչպէս ջուրը էական է մեր մարմիններուն համար, նոյնպէս ալ մեր Փրկչին կենարար ջուրը կենսական է մեր հոգիներուն համար. հետեւաբար «եկէք մեր սրտերը բանանք Քրիստոսի եւ թոյլ տանք, որ կենարար ջուրը բխի մեր մէջ եւ մեր ծարաւը յագեցնէ»։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալներուն կոչ ուղղեց բաժնեկցելու Աստուծոյ փրկութեան խոստումին եւ յաւիտենական կեանքի ժառանգութեան աւետիսը, թոյլ տալով որ կենարար ջուրի աղբիւրներ հոսին մեր մէջէն, ներշնչելով մեր նմանները, մանաւանդ երիտասարդ սերունդը։

Օրուան պաշտամունքը եւ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ։

Աղօթքի արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022