Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Խմբակը Նպաստ կը Տրամադրէ Հայաստանի 181 Որբերու


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 7 Մարտ 2017ի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Սրկ. Աբգարեանի, ընկերակցութեամբ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի եւ եկեղեցւոյ երիտասարդական խմբակի անդամներ՝ Էլենա Սարմազեանի եւ Անի Էքիզեանի, որոնք եկած էին դէպի Հայաստան իրենց ուղեւորութենէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու համար իրենց աստուածահաճոյ, հայրենասիրական ու մարդասիրական առաքելութեան համար:

Հայր Սուրբը, պատուոյ հիւպատոսը եւ երիտասարդական խմբակի անդամները նոյն օրը Հայաստան մեկնեցան, Ֆրեզնոյի մէջ երիտասարդական խմբակին նախաձեռնած բարենպատակ առաքելութիւնը իրականացնելու նպատակով: Պատուոյ հիւպատոսին հետ գործակցաբար՝ երիտասարդական խմբակը կապ հաստատած էր Հայաստանի մէջ որբերու եւ կարօտեալներու հոգածութիւնը յանձն առած կազմակերպութեան մը՝ SOARի հետ, տեղեկութիւններ ստացած՝ հարիւրաւոր որբերու անմիջական կարիքներուն մասին եւ 2016ի վերջին ամիսներէն սկսեալ հանգանակային աշխատանք տանելով՝ պահանջներուն համապատասխան նպաստ (հագուստ, գրենական պիտոյքներ, դպրոցական իրեր, խաղալիքներ եւ այլ) հաւաքած են 181 որբերու համար: Հանգանակային աշխատանքին ընդառաջած էր Ֆրեզնոյի ամբողջ հայ գաղութը: Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Գիւմրի եւ Իջեւան, տեղ հասցնելու համար նպաստը եւ հանդիպումներ ունենալու տեղւոյն պատասխանատուներուն ու որբերուն հետ:

Առաջնորդ Սրբազանը «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ ընդունեց հիւրերը՝ որոնց հետ ունեցաւ աղօթքի պահ մը, ապա, Առաջնորդ Սըրբազանը օրհնեց այս նախաձեռնութիւնը եւ անվտանգ եւ յաջող ճամբորդութիւն մաղթեց ուղեւորներուն: Խօսք առին նաեւ Հայր Սուրբն ու Պատուոյ Հիւպատոսը, գոհունակ սրտով արտայայտուելով ազգանուէր առաքելութեան մասին:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022