Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեանց Ներկայացուցիչներուն Այցելութւնը Ազգ. Առաջնորդարան

Երեքշաբթի 16 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեանց ներկայացուցիչներուն։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան եւ Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տիար Գառնիկ Մկրտիչեանի կ՛ընկերակցէին Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն՝ Տեարք Վիգէն Դաւիթեան եւ Օշին Փիրումեան ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան կազմի անդամներ։ Անոնք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքին կողմէ ողջոյններ փոխանցեցին, որոնց այցելութիւնը 100-ամեակէն ետք առաջինն էր։ Ազգային Առաջնորդարանի հետ փոխադարձ գործակցութիւնը գնահատելով, շեշտեցին, որ ինչպէս անցեալին նաեւ ներկայիս կը վայելեն Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Առաջնորդարանին նեցուկը։ Հանդիպումը առիթ ընծայեց երկուստեք խորհրդակցելու համահայկական հարցերու շուրջ, շեշտելով նման համագործակցութեան միջ-միութենական համադրումը, յատկապէս երիտասարդութեան ներկայութիւնն ու ներդրումը ապահովելու մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ։ Հանդիպման աւարտին, Տիար Մկրտիչեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի յուշանուէրը յանձնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ իր կարգին յուշանուէրներ փոխանցեց իրենց։

***

Երկրորդ հանդիպումին՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ Տիար Մանուկ Չուխաճեան, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին, 16 Մարտին՝ Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Քանատայի Շրջանային Վարչութեանց հանդիպումի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանին, Առաջնորդական փոխանորդին եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետին կողմէ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան եւ այն փոխադարձ գործակցութեան մթնոլորտին, որ կը տիրէ Ազգ. Առաջնորդարանին եւ Համազգայինին միջեւ ընդհանրապէս։

Անոնք արծարծեցին հայեցի դաստիարակութեան ոլորտներուն առնչուող հարցեր եւ յատկապէս Ազգ. Վարժարաններու միջեւ գործակցութեան հեռանկարային ծրագիրներ, ի խնդիր Համազգայինի մշակութային առաքելութեան ազդու ներկայութեան, համագործակցութեան դաշտի մը ստեղծման ընդմէջէն։

Երկու հանդիպումներն ալ Ազգային Առաջնորդարանին եւ մեր կազմակերպութեանց միջեւ սերտ գործակցութեան արտայատութիւնը հանդիսացան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022