Հինգշաբթի, 14 Յունիս 2018-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեանի, որ այս առիթով Ազգ.
buy kamagra polo online pridedentaloffice.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/kamagra-polo.html no prescription
Առաջնորդարանին նուիրեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն հրատարակուած ու շրջանառութեան մէջ չդրուած դրոշմաթուղթերու հաւաքածոյ մը։ Ան նոյն հաւաքածոյէն նուիրած է նաեւ Հայաստանի ու մեր գաղութի կարգ մը կազմակերպութիւններուն։
Նկատի ունենալով, որ Տիար Արմէնեան նաեւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբի անդամ է, Առաջնորդ Սրբազանն ու Տիար Արմէնեան քննարկեցին ծխական շրջանի ծրագիրներն ու արժեւորեցին նախորդ շաբաթ կայացած՝ եկեղեցւոյ օծման 5-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան արդիւնքը։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիար Արմէնեանին՝ արժէքաւոր նուէրին համար, մաղթելով բեղուն ծառայութիւն եկեղեցւոյ ու ազգի անդաստաներուն մէջ։