«Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» կազմակերպութիւնը իր ջատագովական առաքելութեամբ կը պաշտպանէ քրիստոնեաներուն մարդկային իրաւունքները եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան պահպանման սատար կը հանդիսանայ։ Այս իմաստով, կազմակերպութիւնը 24-26 Հոկտեմբերին, Ուաշիկթընի մէջ համաժողով մը պիտի ունենայ՝ «Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը եւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու ապագան» թեմայով, որուն ներկայ պիտի ըլլան քրիստոնեայ առաջնորդներ եւ աշխարհական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ կազմակերպութեանց առաջնորդներ ու ղեկավարներ։ Համախմբումին պիտի արծարծուին կարեւոր հարցեր, ինչպիսիք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան համաշխարային ճանաչման խնդիրը, Լիբանանի ապահովութեան ու կայունութեան հարցը, Իրաքի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն մարդասիրական օժանդակութիւներ ցուցաբերելու պարագաները։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2014-ին մասնակցած է Կազմակերպութեան անդրանիկ համաժողովին եւ յղած ազդու պատգամ մը՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու միասնականութեան կարեւորութեան մասին։
Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբը հովանաւորներէն է եւ մասնակից այս համաժողովին։