Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան, Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ին, Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը՝ իբրեւ եկեղեցւոյ նորընտիր հովիւ։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան ներկայ եղաւ արարողութեան եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները։