Միջ-թեմական Երիտասարդական Համագումար Անթիլիասի Մայրավանքէն Ներս


Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական եւ Երիտասարդական զոյգ բաժանմունքներուն, 14էն 16 Յուլիսին, Կաթողիկոսարանի մէջ տեղի ունեցաւ միջ-թեմական երիտասարդական համագումար մը։ Սոյն համագումարին հիմնական նպատակն էր Կաթողիկոսութեան տարբեր Թեմերու երիտասարդական միաւորներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումն ու համացանցն ու արդի արհեստագիտութեան ստեղծած կարելիութիւնները ազգօգուտ նպատակներով օգտագործելու հնարաւորութիւններու որոնումը: Յայտնենք որ համագումարին ընդհանուր խորագիրն է «Ընկերային ցանցերը եւ հայ երիտասարդութիւնը»:

Արեւմտեան մեր Թեմէն համագումարին մասնակցեցաւ Օր. Զապէլ Կիրակոսեան:

Առաջին օրը, թեմերէն ժամանած երիտասարդները Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ, որ ողջունելէ ետք մասնակիցները՝ լուսարձակի տակ առաւ համագումարին կարեւորութիւնն ու շեշտեց որ երիտասարդութիւնը կը պատկանի ներկային եւ ո՛չ թէ ապագային։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ որ երիտասարդութիւնը կարեւոր դեր ունի գաղութներուն վերանորոգման եւ գոյատեւման առաքելութեան մէջ։ Լուսարձակի տակ առնելով Սփիւռքի մէջ հայ ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը՝ Վեհափառը անդրադարձաւ այդ ուղղութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին:

Այնուհետեւ, պատուիրակները ծանօթացան Սուրբ Աստուածածին Վանքի եւ Կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքի կառոյցներուն, որ վերջին տարիներուն հիմնական նորոգութիւններու ենթարկուած է ու կը շարունակէ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին համար հոգեւոր մշակներ պատրաստելու վաղընջական առաքելութիւնը:

Յետմիջօրէին, Կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսարանի սրահին մէջ սկիզբ առաւ երիտասարդական համագումարը, որ շարունակուեցաւ յաջորդական նիստերով:

Ժողովականները լսեցին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի գործունէութեան եւ աշխատանքներուն ամփոփ զեկոյցը: Այս ու յաջորդ նիստերուն, զեկոյցներ ներկայացուցին Արաբական Միացեալ Էմիրութեան ու Քաթարի, Քուէյթի, Պարսկաստանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան ու Քանատայի թեմերու ներկայացուցիչները, որոնք փոխանցեցին իրենց թեմերու երիտասարդութեան գործունէութեան պատկերն ու վիճակը, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրներն ու առաջադրուած հարցերը:

Համագումարը նաեւ լսեց այլ զեկոյցներ ու դասախօսութիւններ: Դպրեվանքի Տեսուչ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ ծագման պատմութիւնը, կատարեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամփոփ պատմականն ու անդրադարձաւ անոր կարեւոր դերակատարութեան մասին Սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս։

Ներկայացուեցան Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատին մանրամասնութիւնները: Դատի յանձնախումբի անդամներէն՝ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան խօսեցաւ դատի իրաւական աշխատանքներուն մասին, իսկ դատին թողած արձագանգին եւ անցեալ Օգոստոսին Սիս այցելած Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան չորս անդամներուն փորձառութեան մասին խօսեցաւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական ու Տեղեկատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական բաժանմունքի Վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանն ու բաժանմունքի աշխատակազմը՝ Նժդեհ Մկրտիչեան եւ Սեւակ Սաղպազարեան, մասնակիցներուն ներկայացուցին իրենց գործունէութեան մասին, կիզակէտի վրայ ունենալով ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած կարեւոր աշխատանքները:

Համագումարին մասնակիցները առիթ ունեցան նաեւ տարբեր բնոյթի հանդիպումներ եւ այցելութիւններ ունենալու: Այսպէս, անոնք հանդիպում-զրոյց ունեցան Հայ Երիտասարդական Համալսարանական Ուսանողական Միութեան (ՀԵՀՈՄ)-ի անդամներուն հետ, եւ ծանօթացան Կաթողիկոսարանի հովանիին տակ գործող ուսանողական այս միութեան գործունէութեան։ Մասնակիցները նաեւ այցելեցին Ճիպէյլ՝ «Թռչնոց Բոյն», ուր Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, եւ ապա այցելեցին «Թռչնոց Բոյն»-ի յարակից պատմական հնութիւնները:

Շաբաթ 16 Յուլիսին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համագումարի վերջին նիստը։ Թեմերէն ժամանած պատգամաւորուներուն կողքին, մասնակցեցան լիբանանահայ գաղութէն ներս գործող երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Լսատեսողական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին՝ երիտասարդութեան տածած կարեւորութեան եւ անոր դերակատարութեան նկատմամբ իր ունեցած հաւատքին համար։ Հայր Սուրբը ըսաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը պերճախօս վկայութիւնն է Վեհափառ Հայրապետին ունեցած ապագայատեսիլ մօտեցումներուն, որոնց իբր արդիւնք՝ երիտասարդ-եկեղեցի փոխ-յարաբերութիւնները ամուր հիմերու վրայ կը դրուին՝ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը օժտելով արդի արհեստագիտութեան բարիքներով:

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ ընդգծեց ընկերային ցանցերու ազդեցութեան կարեւորութիւնը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքէն ներս, զայն որակելով ներկայ դարու մշակոյթը: Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ համացանցը մշտական ներկայութիւն դարձած է մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքէն ներս. այս մշակոյթը ուղղակիօրէն կ’առնչուի հայ ժողովուրդի ինքնութեան, մարդակերտումի եւ հայակերտումի մեր աշխատանքներուն հետ: Եւ որովհետեւ Հայ Եկեղեցին հոգեւոր կեանքի կռուան է ու միաժամանակ հայկական ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն դերակատարներէն է , մեր Կաթողիկոսութիւնը հսկայ աշխատանք տարած է ու պիտի շարունակէ տանիլ ներկայ արհեստագիտութեան ճամբով քայլ պահելու այսօրուան պահանջներուն հետ: Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ համացանցին դրական ու բացասական երեսներուն եւ ստեղծած մարտահրաւէրներուն մասին:

Զեկոյցներ ներկայացուցին Տիկ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտաւերտեանն ու Տիկ. Թամար Հաշէօլեանը «Ընկերային ցանցեր եւ դաստիարակութիւն» նիւթով: Տիկ. Խիւտաւերտեան խօսեցաւ համացանցին յառաջացուցած հոգեբանական տարբեր երեւոյթներուն մասին, շեշտելով, թէ համացանցը ընդհանրապէս ու ընկերային ցանցերը յատկապէս կրնան թէ՛ շինիչ եւ թէ՛ ժխտական դեր կատարել երիտասարդին հոգեկան աշխարհին մէջ։ Տիկ. Հաշէօլեան, ներկայացուց համացանցին ունեցած ազդեցութիւնն ու դերը՝ դաստիարակութեան մարզին մէջ:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց «Ընկերային Ցանցեր Եւ Ինքնութիւն» նիւթը, կանգ առնելով հայ ժողովուրդի արդիականացման եւ արհեստագիտութեան հետ ունեցած յարաբերութեան կարեւորութեան առջեւ:

Բանախօսութիւններ կատարեցին Տիկ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան, Օրդ. Արազ Գոճայեան եւ Տիար Արամ Սոմունճեան: Տիկ. Ղազարեան կազմակերպեց աշխատանոց մը, որուն ընթացքին ներկաները փորձեր կատարեցին ընկերային լրատուամիջոցներու արտադրութիւնները գրաւիչ ձեւով ներկայացնելու եւ տարածելու (branding) վերաբերեալ։ Գործնական այս աշխատանոցին տեսական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Օրդ. Գոճայեան, որ ներկայացուց թէ ինչպիսի՞ հմտութիւններ պէտք է ձեռք բերել առցանց բովանդակութեան մը պատրաստութեան համար (Content Creation) ցանցատետրի (blog) հարթակին վրայ, իսկ Տիար Սոմունճեան մանրամասն խօսեցաւ «Լուսանկարներու Դերակատարութիւնը» նիւթով:

Վերջին նիստին, զեկուցեցին Տիարք Հրակ Աւետանեանն ու Շիրազ Ճէրէճեանը, ներկայացնելով «Ընկերային Ցանցեր Եւ Հայ Դատ» նիւթը: Տիար Աւետանեան խօսեցաւ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ հակահայ քարոզչութիւններուն ձեւին ու տեսակին, իսկ Տիար Ճէրէճեան անդրադարձաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմի օրերուն համացանցի վրայ տեղադրուած նիւթերուն բովանդակութեան մասին:

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին, տեղի ունեցան քննարկումներ եւ հարց-պատասխաններ: Զեկոյցներն ու քննարկումները եզրակացումներու յանգեցան, որոնցմէ կ’արժէ յիշել՝

Ա. Համացանցը ներկայ ժամանակներուն կարեւոր տեղ կը գրաւէ երիտասարդի առօրեային մէջ, սակայն երիտասարդը ի՛նք պէտք է որոշէ թէ որքանով պէտք է ենթարկուի անոր դրական կամ ժխտական ազդեցութիւններուն:

Բ. Համացանցը հարթակ մըն է, ուր առիթ կ’ընծայուի հայ երիտասարդին դրսեւորելու իր հայկական ինքնութիւնը, շնորհիւ անոր հնարաւորութիւններուն:

Գ. Համացանցը աշխարհի ամէնէն արագ զարգացող իրողութիւնն է եւ անկէ հեռու մնալ՝ կը նշանակէ հեռու մնալ աշխարհի հոսքէն եւ ընթացքէն:

Դ. Համաշխարհայնացման եւ ինքնութեան պահպանման ոլորտին մէջ, կը բազմապատկուի հայ երիտասարդին պարտաւորութիւնը՝ համացանցը օգտագործելու արհեստավարժօրէն, եւ միաւորելու հայկական մշակութային ազդակներուն հետ։

Ե. Համացանցը արագ միջոց մըն է բարեկամութիւններ ստեղծելու եւ կապուելու հեռաւորին հետ. հեռաւորը մօտիկ դարձնող իրողութիւն մըն է, սակայն պէտք չէ առիթ տալ, որ մօտիկ գտնուողը հեռացնէ մեզմէ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022