Հրաւէրովը Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի եւ տիկնոջ՝ Իլէյն Ուէյքլէնտի, եւ կազմակերպութեամբ «Կեթի Հաուս»ի վարչութեան, Հինգշաբթի, 4 Մայիսի առաւօտուն տեղի ունեցաւ միջ-կրօնական աղօթքի օր մը, մասնակցութեամբ տարբեր կրօնքներու առաջնորդներու եւ հետեւորդներու։ Տարեկան հերթականութեամբ կազմակերպուող այս հանդիպումին յայտագիրը կազմուած էր աղօթքով, երգեցողութեամբ եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններով. ներկաները նաեւ սիրոյ սեղանի բաժնեկից եղան։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան ներկայ եղան հանդիպումին։
Հանդիպումը սկսաւ քաղաքապետին կրօնական հարցերու խորհրդական Տանիէլ Թամի բացման խօսքով։ Առաջին Տիկինը արտասանեց ողջոյնի խօսք, որմէ ետք, տեղի ունեցաւ բացման աղօթքը։ Քաղաքապետը իր խօսքին մէջ համագործակցութեան հրաւէր ուղղեց բոլորին, հաւաքականութեան մէջ կարեկցութեան, ողորմածութեան, արդարութեան, խաղաղութեան եւ յոյսի հաստատման ի խնդիր։ Փակման իր խօսքին մէջ, Տանիէլ Թամ շեշտեց կարեւորութիւնը գործնական աշխատանքի, յատկապէս անտուն մնացած քաղաքացիներու եւ ներգաղթողներու դժուարութեանց դիմագրաւումին մէջ։