Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը Երեքշաբթի, 13 Մարտ 2018-ի երեկոյեան հանդիսավայրը եղաւ մշակութային գեղեցիկ հանդէսի մը, որ ամէն բանէ առաջ պանծացումն էր Հայաստանի Հանրապետութեան ու անոր արարման համար մղուած պայքարներուն, ապա նաեւ եղաւ փառաբանանք մը Հայ Բանաստեղծութեան ու զայն ստեղծագործողներուն։ Միջ-դպրոցական ասմունքի մրցումին մրցանակաբաշխումի երեկոն, որ կազմակերպուած էր Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին կողմէ ու կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը, անկասկած որ հպարտութեամբ պիտի լեցնէր մեր անկախութիւնը կերտած սերունդի զաւակներուն հոգիները, ի լուր գեղարուեստի ոլորտները շօշափող մատուցումներուն, որոնք անցան աշակերտական սոսկական ներկայացումի մակարդակէն անդին։
Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, հանդէսին ներկայ էին Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Ազգ. Վարչութեան, անդամներէն Տեարք Անդրանիկ Գասպարեան, Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան եւ Ալեք Պաղտասարեան, Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Լիզա Կապուտեան եւ անդամներ, դատական կազմի անդամներ, վարժարաններու տնօրէններ, դաստիարակներ, 14 մրցանակակիրները եւ անոնց ընտանեկան հարազատները եւ հիւր հանդիսականներ։
Տէրունական աղօթքի հաւաքական արտասանութենէն ետք, Տիկին Լ. Կապուտեան արտասանեց ողջոյնի խօսք. ան ըսաւ, որ ասմունքի այս մրցումները հինգ տարիէ ի վեր տեղի կ’ունենան տարեկան հերթականութեամբ, նախաձեռնութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանին, իսկ վերջին երեք տարիներուն, կազմակերպումը յանձն առած է Խնամակալ Մարմինը։ Այս մրցումները առիթ են անդրադառնալու Հայ Դպրոցի հայակերտ առաքելութեան, որ յառաջ կը տարուի մեծ զոհողութիւններով ու ընդառաջելով մարտահրաւէրներու, իսկ երբ նման լաւ արդիւնքներու ականատես կ’ըլլանք, մեր սիրտը կը լեցուի ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ 24 Փետրուարին, Հայ Աւետ. Մերտինեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած միջ-դպրոցական մրցումին մասնակցած են 8 վարժարաններէ շուրջ 60 աշակերտներ, որոնցմէ մրցանակի արժանացած են 14 հոգի։ Այս տարուան մրցումը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին, ու խօսքը աշակերտներուն ուղղելով՝ շեշտեց, որ անոնց ելոյթները ապացոյց են, որ Հայաստանը կ’ապրի անոնց մէջ։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ծնողներուն ու դաստիարակներուն, որոնց հոգածութեան արդիւնքն է այս իրագործումը։
Հանդիսավարութիւնը կատարեց Խնամակալ Մարմինի անդամներէն Տիկին Լենա Գորթոշեան. ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց դատական կազմի անդամներուն՝ Տիկնայք Թագուհի Արզումանեանի, Մարալ Վարժապետեանի եւ Տեարք Գրիգոր Օկարեանի, Սայաթ Պապումեանի ու Գէորգ Պետիկեանի, որոնք սիրայօժար ընդառաջած էին Խնամակալի հրաւէրին եւ կարեւոր ներդրում ունեցան ձեռնարկի մարմնաւորման մէջ։ Շնորհակալութեան խօսք՝ նաեւ Տիար Միհրան Թումաճեանի, որ առաջին տարիէն իսկ յանձն առած է կազմակերպչական ու յարաբերական աշխատանքները։ Այնուհետեւ, հանդիսավարը խումբ առ խումբ բեմ հրաւիրեց երեք խմբակներուն մրցանակաւորները, որոնց թիւն իսկ պերճախօս վկայութիւն էր, թէ ինչպիսի բարելաւում արձանագրած է այս մրցումը։ Արդարեւ, նախակրթարանի 4-րդ եւ 5-րդ դասարաններու խմբակէն, Ա. մրցանակին արժանացաւ Լորիկ Արթինեան (Ազգ. Մեսրոպեան Վրժ.), Բ. մրցանակին տիրացան Լիմ Քալէմքէրեան (Սահակ-Մեսրոպ Վրժ.) եւ Հրակ Խաչերեան (Ազգ. Շամլեան Վրժ.), իսկ Գ. մրցանակին տիրացան չորս աշակերտներ՝ Քաթրին Պոսնոյեան, Սոֆի Յակոբեան (Ազգ. Ալ. Փիլիպոս Վրժ.), Էմըլի Արապեան (Սահակ-Մեսրոպ Վրժ.) եւ Արփի Այվազեան (Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վրժ.)։ Միջնակարգի 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու խմբակի մրցանակաւորներն էին հետեւեալները. Ա. մրցանակ՝ Ալիք Արթինեան (Մեսրոպեան), Բ. մրցանակ՝ Էրիք Մարգարեան (Շամլեան), Գ. մրցանակ՝ Տիանա Նաւասարդեան (Ա. Փիլիպոս) եւ Գառնի Պալեան (Ազգ. Ֆերահեան վրժ.)։ Վերջապէս, երկրորդականի 9-րդէն 12-րդ դասարաններու աշակերտներէն Ա. մրցանակը շահեցաւ Արենի Չալըգեան (Ա. Փիլիպոս), Բ. մրցանակը՝ Սարին Սարճեան (Մեսրոպեան) եւ Գ. մրցանակը՝ Ալեքս Գասամանեան (Ֆերահեան)։
Ա. մրցանակին արժանացող երեք աշակերտները բեմ ելան ասմունքով։ Բոլոր մրցանակաւորները արժանացան յուշանուէրներու, ծափահարութեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն՝ աղօթագիրքերու։ Յուշանուէրներ ստացան նաեւ դատական կազմի անդամները։
Իրենց տպաւորութիւններն ու գնահատականները ներկաներուն հետ բաժնեկցեցան դատական կազմի անդամներ՝ Տիարք Գէորգ Պետիկեան եւ Տիկին Թագուհի Արզումանեան։ Անոնք կանգ առին մշակութային այս նախաձեռնութեան բարիքներուն վրայ, շեշտելով, որ մեր աշակերտները կը ծանօթանան մեր գրական գոհարներուն, հաւատարմութիւն ցոյց կու տան մայրենիին, պերճախօս վկայութիւն են հայուն գոյատեւման պատճառներուն, անդրադառնան՝ որ իրենք ժառանգորդներն են դարերու ընթացքին մեր ժողովուրդին մղած պայքարները կերտողներուն, հայրենի հողէ զուրկ սերունդներուն կը տրամադրեն մշակոյթի հողը։ Անոնք շեշտեցին, որ այս մրցումին, թէեւ եղած են մրցանակաւորներ, սակայն դատական կազմը կը նկատէ, որ բոլոր մասնակցողները յաղթական են։ Վերջապէս, անոնք երախտագիտութիւն արտայայտեցին Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգ. Վարչութեան, դաստիարակներուն ու ծնողներուն, որոնց հաւաքական հոգածութեամբ հասակ կ’առնեն մայրենիին հաւատարիմ մեր սերունդները։
Խօսք առաւ նաեւ Տիար Միհրան Թումաճեան, որ այս ձեռնարկին իրականացման բոլոր մասնակիցներուն շնորհակալութեան խօսք ուղղելէ ետք, շեշտեց, որ յաջորդ կարեւոր հանգրուան մըն է ամառը, Շուշիի մէջ նախատեսուած համագաղութային ասմունքի փառատօնը, որ սկիզբ առած է 7 տարի առաջ, Տիար Ալեք Պաղտասարեանի նախաձեռնութեամբ, 5 տարիէ ի վեր մեր Թեմը եւս մասնակից է այս նախաձեռնութեան. ան կոչ ուղղեց, որ մրցումին մասնակցողներ յառաջիկայ ամառ մասնակցութիւն բերեն Շուշիի մրցումին, ուր անցեալ տարիներուն մեր գաղութը ձեռք բերած է լաւ արդիւնքներ։
Տիկին Լիզա Կապուտեան, Առաջնորդ Սրբազանը բեմ հրաւիրելէ առաջ, գնահատանքի խօսք ուղղեց Խնամակալի անձնակազմի անդամներուն՝ Տիար Խաժակ Ժամկոչեանի եւ Օր. Ալինա Սարգիսեանի, որոնք մեծ աշխատանք տարին այս ձեռնարկի յաջողութեան համար։
Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հինգերորդ տարին ըլլալով, հպարտութեամբ կը լեցուինք ի տես մեր աշակերտներուն մատուցումներուն ու մրցանակներու արժանանալուն. ան յիշեցուց, որ Ազգ. Վարչութիւնը 5 տարի առաջ ընդառաջած էր Տիար Ա. Պաղտասարեանի հրաւէրին ու նախաձեռնած այս մրցումներուն, որոնք տարուէ տարի նոր նուաճումներ կ’արձանագրեն։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տիար Պաղտասարեանի, մրցումները կազմակերպող Խնամակալ Մարմինին, դատական կազմին, դաստիարակներուն, մասնակցող աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն ի գործ դրած ճիգերուն մասին, մասնաւորաբար վեր առնելով ծնողներու նիւթական, բարոյական ու ժամանակի նուիրաբերումը՝ ի խնդիր իրենց «աչքի լոյս զաւակներուն» հայեցի կրթութեան, իսկ այդ զոհողութեանց մէկ արդիւնքն ալ այս ձեռնարկին յաջողութիւնն է։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ նկատել տուաւ, որ նման հպարտառիթ ձեռնարկներ մամուլի ճամբով կը տարածուին մեր ժողովուրդին մէջ ու զանգուածը բաժնեկից կը դառնայ ուրախութեան, այս ծիրին մէջ, ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ 24 Փետրուարի մրցումին մասին մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածները ստորագրողներուն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Տիար Սարգիս Մահսէրէճեանի ու վաստակաւոր դաստիարակ Տիկին Թամար Թիւֆէնքճեանի մասին, ապա մասնաւորաբար աշակերտներուն պատգամ ուղղեց գուրգուրալու մեր լեզուին ու մշակոյթին վրայ, սիրել զանոնք, յարգել ու գնահատել մեր հարստութիւնները իրենց փոխանցող ուսուցիչները, տնօրէններն ու ծնողները։ Ան նշեց, որ այս մրցումը հոս չի վերջանար, որովհետեւ բոլորին դիմաց կը տարածուի Շուշիի համագաղութային մրցումին հորիզոնը, յիշեցնելով, որ անցեալ ամառ, մեր մրցումի յաղթականներէն Վարանդ Չալըգեան Շուշիի մէջ շահած էր երկրորդ պատուաբեր դիրքը։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ նոյն օրն իսկ, Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի հետ այցելած էր Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարան, մրցանակաւորներէն Էրիք Մարգարեան արտասանած էր հիւր Սրբազան Հօր առջեւ, իսկ Պարգեւ Սրբազանը հրաւէր ուղղած էր աշակերտներուն, որ Արցախ այցելեն ու վարակուին Արցախի սիրով։ Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ ամառ եւս, մեր աշակերտները Արցախէն վերադառնան նոր մրցանակներով։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ Հայաստանի Հանրապետութաեն 100-ամեակին նուիրուած այս տարուան մրցումը իր պայծառ տեղը գրաւեց այս յիշատակի հանդիսութեանց շարքին եւ վստահաբար խայտանք կը պատճառէ մեր անմահ բանաստեղծներու հոգիներուն։ Ան օրհնեց բոլորին աշխատանքն ու վատակը։
Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»էն ետք, երեկոն վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի ու «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով։ Ներկաները հիւրասիրուեցան Խնամակալ Մարմինին կողմէ։