Ծաղկազարդեան Ցնծագին Մթնոլորտ Արեւմտեան Թեմէն Ներս

Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի շնորհաբեր տօնը՝ Ծաղկազարդը, մեծ շուքով տօնախմբուեցաւ Կիրակի, 28 Մարտ 2021ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս:

Առաջնորդ Սրբազանը՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ: Նաեւ՝ ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանի հրաւէրին, բարձրաստիճան Հոգեւոր հայրեր Ծաղկազարդի օրը հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցեցին, քարոզեցին եւ տօնական եզակի մթնոլորտ ստեղծեցին Արեւմտեան Թեմէն ներս: Այսպէս՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան պատարագեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Ս. Արք. Օհանեան՝ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի մէջ, Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Արք. Չիֆթճեան՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:

Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ խմբուած հաւատացեալ բազմութեան ուղղելով իր պատգամը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները իրենց ներքին Երուսաղէմին՝ սրտի՛ն դռները լայն բանալու Տիրոջ առջեւ, որպէսզի Ան յաղթական մուտք գործէ իւրաքանչիւր տուն եւ Իր օրհնութիւնները անձրեւի պէս տեղացնէ ամէն հայ ընտանիքի եւ անհատի կեանքէն ներս: Սրբազան Հայրը նաեւ յիշեցուց, որ հակառակ մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող տեսակ-տեսակ դժուարութիւններուն, Ծաղկազարդի սուրբ տօնին մենք կը հրաւիրուինք Քրիստոսի յաղթանակի փառքի երգիչները դառնալու, գոչելով՝ «Ովսաննա՜, օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով: Օրհնութիւն ի բարձունս»:

Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր թափօր, որուն ընթացքին մանուկներ եւ ժողովուրդ օրհնուեցան Ս. Խաչով, ապա կատարուեցաւ «Անդաստան»ի արարողութիւն, որով աշխարհի չորս ծագերը յանձնուեցան Աստուծոյ օրհնաշատ պահպանութեան: Հուսկ, կատարուեցաւ «Դռնբացէք»ի արարողութիւն, որով տօնական մթնոլորտը իր զենիթին հասաւ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022